ՓԱՐԻԶ, «Ռոյթըրզ».- Ուտեստեղէնի եւ հողագործութեան կազմակերպութիւնը յայտարարեց, որ եմէնցիներուն շուրջ կէսը, երկիրին մէջ տեղի ունեցած յեղափոխութենէն ետք, կը տառապի անօթութենէ, մինչ քաղաքական անկայունութիւնը կը բազմապատկէ սննդեղէնի եւ վառելանիւթի միջազգային սակերու բարձրացման ժխտական ազդեցութիւնը: Այս բոլորին պատճառով, Եմէն աշխարհի վրայ, մանուկներու թերսնումի մակարդակով՝ երրորդ դիրքը կը գրաւէ:
Միջազգային այս կազմակերպութեան բանբեր Պերի Քիմ կը յայտնէ, թէ Եմէն, մշակման յարմար իր հողերու սակաւութեան պատճառով՝ կը ստիպուի իր սննդական պէտքերուն մեծամասնութիւնը ներածելու: Ան նշեց, որ 5 միլիոն եմէնցիներ, կամ՝ բնակչութեան 22 առ հարիւրը, չեն կրնար իրենց կերակուրը գնել կամ բաւարար կերակուր ապահովել: «Անոնց մեծամասնութիւնը այն աշխատաւորներէն է, որոնք հողեր չունին: Գոյութիւն ունին 5 միլիոն այլ անձեր, որոնք մեծապէս կը վնասուին սննդեղէնի սակերու բարձրացումէն, ուստի՝ 10 միլիոն անձեր, ամէն գիշեր, անօթի վիճակով կը քնանան», կը յայտնէ ան:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.