– Կապալայի ռատարի կեդրոնին շուրջ բանակցութեանց մօտիկ աղբիւր մը, ռուսական «Ռիա Նովոսթի» լրատու գործակալութեան յայտնած է, որ Ատրպէյճանի մէջ գտնուող կեդրոնին վարձակալութեան համաձայնագիրը՝ «մեծ հաւանականութեամբ»՝ երեք տարիով երկարաձգուի: Նախապէս, Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութենէն աղբիւր մը յայտնած էր, որ նախարարութիւնը դժգոհ է ռատարի կեդրոնի վարձակալութիւնը երկարաձգելու շուրջ բանակցութեանց ընթացքին Ատրպէյճանի ոչ կառուցողական մօտեցումէն: Պաքու կը պահանջէ կեդրոնի վարձքը զգալիօրէն բարձրացնել: Կեդրոնի վարձակալութեան ներկայ համաձայնագիրը կ՛աւարտի 2012ի վերջաւորութեան:
– Թուրքիոյ նախկին նախագահ Թուրկուտ Էօզալի գերեզմանը Հոկտեմբեր 2ին վերջապէս բացուեցաւ ու 7.5 ժամուան աշխատանքէ մը ետք՝ անոր աճիւններրը փոխադրուեցան դատական բժշկական կեդրոն, ուր քննութիւններ պիտի կատարուին ստուգելու համար այն կասկածները, թէ նախագահը թունաւորուած էր։ Էօզալի ընտանիքը ներկայ չգտնուեցաւ գերեզմանը բանալու գործողութեան։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.