ԼՈՆՏՈՆ.- Բրիտանական «Ֆայնենշըլ Թայմզ» թերթը գրած է, թէ Սուրիոյ մէջ քիւրտերը ինքնավարութիւն հաստատելու հիմքեր կը ստեղծեն՝ օգտուելով երկիրին մէջ տիրող անորոշ վիճակէն: Յօդուածին մէջ կը նշուի, որ Թուրքիոյ հետ սահմանակից շրջաններու մէջ քիւրտերը ստեղծած են ոստիկանական պահակակէտներ, խորհուրդներ եւ դատարաններ, որոնք կրնան քրտական ապագայ ինքնավարութեան հիմքը դառնալ:
Թերթը կը նշէ, որ Սուրիոյ հիւսիսարեւելեան շրջաններուն մէջ քիւրտերու վերահսկողութեան տակ գտնուող տարածքները սկսած են օգտագործելու քրտերէնը՝ իբրեւ պաշտօնական լեզու: «Քրտերէն գրութիւններ կրող ապահովական մարմիններու ինքնաշարժէն միայն քանի մը մեթր հեռաւորութեան վրայ գտնուող Սուրիոյ կառավարութեան ներկայացուցիչները, կարծես որոշած են չնկատել քրտրէնի օգտագործումը», կը գրէ թերթը:
Բրիտանական թերթը նաեւ կ՛ընդգծէ, որ Թուրքիա լուրջ մտավախութիւններ ունի, թէ հիւսիսային Իրաքի օրինակով՝ քրտական ինքնավար շրջան մը պիտի ստեղծուի նաեւ Սուրիոյ մէջ՝ Թուրքիոյ քիւրտերուն մօտ ինքնավարութիւն հաստատելու ախորժակներ բանալով:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.