
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի ելեւմուտքի նախարարութեան եւ Հայաստանի մէջ Ռուսիոյ դեսպանատան հովանիին տակ 30 Սեպտեմբերէն 9 Հոկտեմբեր, Հայաստանի մէջ տեղի կ՛ունենայ գիտական զբօսաշրջային առաջին միացեալ արշաւը՝ նուիրուած հայ-ռուսական դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման 20ամեակին:
Այս ծիրին մէջ գիտարշաւի նախաձեռնող-կազմակերպիչները 2 Հոկտեմբերին Գիւմրիի մէջ ընդունուեցան Ռուսիոյ գլխաւոր հիւպատոս Վասիլի Գորչմարի կողմէ։ Վերջինը բարձր գնահատեց արշաւի նախաձեռնութիւնը՝ Հայաստանի մէջ զբօսաշրջութեան զարգացման նպաստելու առումով, եւ առանձնայատուկ կերպով ընդգծեց Գիւմրի քաղաքի զբօսաշրջային գրաւչութիւնը: «Հայաստան գալով՝ դուք պէտք է նպատակ ունենաք հետագային հոս ուղարկել ձեր ընկերներն ու զբօսաշրջիկները», ընդգծեց գլխաւոր հիւպատոսը:
Գիտարշաւի մասնակիցները՝ Վասիլի Գորչմարի եւ Գիւմրիի ռուսական սահմանապահ ջոկատի հրամանատարութեան ընկերակցութեամբ, այցելեցին Գիւմրիի «Պատուոյ բլուր» յուշահամալիրը՝ յարգանքի տուրք մատուցելով հայրենիքի համար զոհուած ռուս եւ հայ զինուորականներու յիշատակին: Արշաւի մասնակիցները յատուկ ընդունելութեան արժանացան նաեւ Գիւմրիի սահմանապահ ջոկատի հրամանատար գնդապետ Եուրի Այսինի կողմէ, որ անոնց ի պատիւ ճաշկերոյթ կայացուց:
Ռուսիոյ զբօսաշրջութեան միջազգային ակադեմիայի փոխնախագահ Լուրի Լագուսեւը շնորհակալութիւն յայտնելով ջերմ ընդունելութեան համար՝ լուսարձակի տակ առաւ ռուս-հայկական բարեկամութիւնն ու անոր յարատեւութիւնը։ «Հայաստանի մէջ մենք մեզ կը զգանք այնպէս, ինչպէս մեր տանը մէջ», դիտել տուաւ ան՝ աւելցնելով, որ հայկական հիւրասիրութիւնը եւ անմիջականութիւնը զբօսաշրջութեան զարգացման կարեւոր գրաւականներէն են:
Հիւրերը նաեւ այցելեցին Երերոյքի 4րդ դարու տաճարը եւ դիտեցին Անիի աւերակները: Արշաւի մասնակիցները ամէն օր կը բացայայտէին Հայաստանի զբօսաշրջային մեծ կարողականութիւնը, տուեալները եւ բնութեան աննկարագրելի գեղեցկութիւնը:
Գիտազբօսաշրջային արշաւի երրորդ օրուան ծրագիրով մասնակիցները այցելեցին Սարդարապատի յուշահամալիր, ծանօթացան թանգարանի ցուցանմոյշներուն եւ մտերմիկ միջավայրի մէջ ճաշակեցին թոնրի լաւաշը՝ վայելելով գիւղական միջավայրի ջերմութիւնը:
Գիտարշաւը, որուն կը մասնակցին Ռուսիոյ զբօսաշրջութեան միջազգային ակադեմիայի եւ Զբօսաշրջութեան հայկական հիմնարկի պատուիրակութիւնը, իրենց այցելութիւնները սկսած են Երեւանէն, ապա պիտի շարունակեն Գիւմրի, Դիլիջան, Սեւան, Գորիս, Կապան, Մեղրի, Օշական եւ Էջմիածին քաղաքներուն մէջ: