
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- «Խաղողի նկատմամբ պահանջարկը մօտակայ տարիների ընթացքում գերազանցելու է առաջարկը», յայտարարեց վարչապետ Տիգրան Սարգսեան՝ Երեւանի մէջ ընթացք առած «Ֆրութֆուլ Արմէնիա» 8րդ համաժողովին ընթացքին:
«Ուսումնասիրութիւնները ցոյց են տալիս, որ խաղողագործութեան զարգացման համար մենք ունենք մեծ ներուժ: Ուրախալի է, որ այս ոլորտում կան նոր եւ լուրջ ներդրումներ: Միեւնոյն ժամանակ, աւելի է խստացուելու խաղողի որակի հարցը: Այստեղ էլ կարեւորովում է խաղողագործութիւնը ժամանակակից մեթոդներով կազմակերպելու խնդիրը», նշեց ան։
Կառավարութեան ղեկավարը յիշեցուց նաեւ, որ խաղողագործութիւնը եւ գինեգործութիւնը Հայաստանի գիւղատնտեսութեան մէջ ունին իրենց ուրոյն տեղը: 1990-1995 թուականներուն այս բնագաւառին մէջ արձանագրուած են լուրջ կորուստներ՝ շուրջ 65 տոկոսով նուազած էր խաղողագործութեան արտադրութեան քանակը՝ մթերող կազմակերպութիւններուն եւ գործարաններուն չգործելուն պատճառով: «Հանրապետութեան նախագահը երկու տարի առաջ հռչակեց, որ այսուհետ գիւղատնտեսութիւնը լինելու է երկրի զարգացման առաջնահերթութիւններից մէկը: Կառավարութիւնը լրացուցիչ ջանքեր է գործադրում եւ միջոցառումներ իրականացնում, որպէսզի արդիականացուի գիւղատնտեսութիւնը», յայտնեց վարչապետը:
Տիգրան Սարգսեան շնորհակալութիւն յայտնեց արժանթինահայ գործարար Էդուարդօ Էրնեկեանին՝ այս բնագաւառին մէջ ներդրումներ կատարելուն եւ Հայաստանի մէջ ժամանակակից խաղողի այգիներ ցանելուն համար, ինչ որ լաւ օրինակ է այլ երկրագործական տնտեսութիւններու համար:
«Ֆրութֆուլ Արմէնիա» 8րդ միջազգային համաժողովը նուիրուած է Հայաստանի մէջ խաղողագործութեան եւ գինեգործութեան զարգացման հեռանկարներուն: Համաժողովին կը մասնակցին միջազգային հեղինակութիւն վայելող խաղողագործներ, գինեգործներ, գինիի մասնագէտներ՝ Ֆրանսայէն, Արժանթինէն, Աւստրալիայէն եւ այլ երկիրներէ: Համաժողովի հիմնական նիւթն է հայկական գինիին աշխարհի մէջ ճանչցուած ապրանքանիշ ստեղծելու կարելիութեան քննարկումը՝ ունենալով երեք բաղադրիչներ՝ որակեալ խաղողի մշակում, բարձրորակ գինիի արտադրութիւն, արտածման եւ վաճառքի ճիշդ կազմակերպում: