ՄԻՆՉ ԵՐԵՒԱՆ ԿԸ ՓՈՐՁԷ ՀԱՅ ՄԱՄՈՒԼԻՆ ՈՒԺԵՐԸ ՀԱՄԱԽՄԲԵԼ, ԱՆԳԱՐԱ ՆՈՐ ԹԱՓ ԿՈՒ ՏԱՅ ԹՐՔԱՄԷՏՆԵՐՈՒ… ՆԵՐԳՐԱՒՈՒՄԻՆ
ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ

Համացանցի վրայ վերջերս շրջանառութեան մէջ դրուած տեղեկանքի մը համաձայն՝ Մ. Նահանգներու պետական քարտուղարութիւնը (արտաքին գործոց նախարարութիւնը) ձեռնարկած է թուրքեւամերիկացի երիտասարդ քաղաքական գործիչներու պատրաստութեան ու վարժեցման յատուկ ծրագիրի մը գործադրութեան։
Ծրագիրը կը կրէ «Երիտասարդ Թուրքիա–Երիտասարդ Ամերիկա. Նոր յարաբերութիւններ՝ նոր դարաշրջանի մը համար» յաւակնոտ անունը։ Կը նախատեսէ պետքարտուղարութեան հովանիին տակ մէկտեղել՝ Մ. Նահանգներէն եւ Թուրքիայէն՝ քսանական երիտասարդ քաղաքական գործիչներ, որոնք միասնաբար պիտի հետեւին չորս փուլերէ բաղկացած՝ փոխադարձ ճանաչողութեան եւ մօտեցումներու ներդաշնակման ծառայող իրազեկման այս սեմինարային ծրագիրին։
Մ. Նահանգներու պետքարտուղարութիւնը ըստ երեւոյթին յոյս ունի, որ իր այս նախաձեռնութեամբ պիտի յաջողի ամերիկեան մօտեցումներուն եւ առաջադրանքներուն հաղորդակից ու սրտակից դարձնել Թուրքիոյ քաղաքական երիտասարդ գործիչները։ Չէ՞ որ ծրագիրը հետամուտ է գործակցութեան նոր հորիզոն մը բանալու Հիւսիսատլանտեան զինակցութեան անդամ այս զոյգ երկիրներուն առջեւ։
Անշուշտ մեծ է հարցականը, թէ Մ. Նահանգները որքանո՞վ ի վիճակի ի իրաւունքի եւ արդարութեան հիմնական արժէքներուն հաղորդակից ու սրտակից դարձնելու ազգայնամոլ եւ ցեղապաշտ դաստիարակութեամբ կազմաւորուած թուրք քաղաքական երիտասարդ գործիչները։
Բայց հարցական չի վերցներ եւ արդէն բացայայտ է, որ թրքական պետութիւնը շարժման մէջ դրած է իր հովանաւորութիւնը վայելող ամերիկեան հասարակական կազմակերպութիւններն ու լոպիինկի կառոյցները, որպէսզի աջակցին ու նիթապէս մատակարարեն Մ. Նահանգներու պետական քարտուղարութեան այս ծրագիրը։
Այդ պատճառով ալ վաղը բնաւ պէտք չէ անակնկալի գալ ու զարմանքով անդրադառնալ, թէ ամերիկամէտ թուրք քաղաքագէտներ պատրաստելու փոխարէն՝ պետքարտուղարութեան նախաձեռնած վարժեցման ծրագիրը ծառայած է ամերիկացի երիտասարդ գործիչներ ի նպաստ Թուրքիոյ սիրաշահելու Անգարայի պետական հաշիւներուն։
Անշուշտ ամերիկեան իշխանութիւնները մեր խելքին պէտք չունին եւ շատ լաւ գիտեն, թէ ի՛նչ կ՛ընեն՝ «Երիտասարդ Թուրքիա–Երիտասարդ Ամերիկա» այսօրինակ «մերձեցման» խաղի մը ձեռնարկելով…
Հայ քաղաքական միտքին համար կարեւորը ա՛յն է, որ իրաւունքի եւ արդարութեան հաշւոյն չկատարուի թուրքեւամերիկեան սիրաբանութեան այս փորձը, ինչպէս եւ որեւէ նմանօրինակ նախաձեռնութիւն, որ հետամուտ է թրքական պետութեան ցեղասպան դէմքն ու էութիւնը քողարկելու նպատակին։
Ինչպէս Մ. Նահանգներու մէջ, այնպէս ալ աշխարհի տարածքին, Հայ Դատի մեր յանձնախումբերը բնականաբար արթուն կը հսկեն եւ անհրաժեշտ զօրաշարժը կը յառաջացնեն, որպէսզի Հայկական Պահանջատիրութեան հաշւոյն տեղի չունենան Թուրքիան սիրաշահելու մեծապետական նախաձեռնութիւնները։
Արթուն կը հսկեն նաեւ աշխարհատարած հայ մամուլն ու զանգուածային լրատուութեան միջոցները՝ համացանցը ներառեալ։
Միջազգային հանրային կարծիքը սթափ պահելու իմաստով՝ աշխոյժ ներկայութիւն են եւ իրենց պահանջատիրական ձայնը լսելի կը դարձնեն, նաեւ, օտար մամուլին մէջ բեմ ունեցող հայազգի լրագրողները, արուեստի ու գիտութեան գործիչները, հայասէր ու արդարամիտ օտարները։
Նոյն ուղղութեամբ ու առաջադրանքով՝ պահանջատէր հայութեան ցիրուցան ուժերը եւ ճիգերը համախմբելու աշխատանքին լծուած է, սկզբնական որոշակի վարանումներէ ետք, վերանկախացեալ Հայաստանի Հանրապետութիւնը եւս։
ՀՀ իշխանութեանց եւ որոշապէս սփիւռքի նախարարութեան կողմէ նորագոյն ու ողջունելի նախաձեռնութեան մը հայ ընթերցողը ականջալուր եւ հանդիսատես դարձաւ տակաւին քանի մը օր առաջ, երբ Հոկտեմբեր 4–6ին, Երեւանի մէջ, գումարուեցաւ հայ լրագրողներու համահայկական 6րդ խորհրդաժողովը՝ «Հայոց Ցեղասպանութեան 100րդ տարելիցին ընդառաջ» նշանաբանով։
Գօտեպնդող շունչ եւ ուղղութիւն ունէր նաեւ խորհրդաժողովի աւարտին հրապարակուած առաջադրանքներու յայտարարութիւնը, որ միջազգային հանրային կարծիքին հասնելու եւ Հայ Դատի պահանջներուն շուրջ համակրանքի ծիրը ընդարձակելու աշխատանքի կոչ էր միանգամայն։
Անշուշտ ընթերցողի ուշադրութենէն չվրիպեցաւ, որ առաւելաբար սփիւռքահայ լրագրողներու մասնակցութեամբ գումարուեցաւ համաժողովը։ Հայրենի ոստաններու մամուլն ու զանգուածային լրատուամիջոցները անհրաժեշտ չափով չներկայացուեցան համաժողովին։ Իսկ համաժողովին վերաբերեալ հայրենի լրատուամիջոցներու անդրադարձները, առաւելաբար, փոխադարձ ճանաչողութեան եւ գնահատանքի խօսքերու գովազդային մթնոլորտէն անդին չանցան։
Այսինքն՝ մինչ թրքական պետութիւնը նոր ժամանակներու ոգիով լծուած է քաղաքական գործակցութեան «արդիական» ուղիներ հարթելու աշխատանքին, ՀՀ իշխանութիւնները տակաւին կը խարխափին Թուրքիոյ հետ «կամուրջները չայրելու»… ֆութպոլային դիւանագիտութեան աւազուտքին մէջ։
Մինչ Անգարա ձեռնարկած է «Երիտասարդ Թուրքիոյ» դէմքը աշխարհին եւ յատկապէս Մ. Նահանգներուն ճանաչելի ու ընդունելի դարձնելու զօրաշարժին, Երեւան ինչ–ինչ նկատառումներով տակաւին կը վարանի պետական պահանջատիրութեան մայր ուղին բանալու սփիւռքահայ լրատուամիջոցներու հակաթուրք յարձակողական զօրաշարժին առջեւ։
Կարելի չէ քաղաքական տարբեր գնահատական տալ Հայաստանի իշխանութեանց կամակոր վարքագծին, որ կը շարունակէ Հայաստանի ստորագրութիւնը յետս չկոչել՝ երեք տարի առաջ այս օրերուն կնքուած Հայեւթուրք Արձանագրութեանց անընդունելի գործարքէն…
Ի վերջոյ Հայ Դատի պայքարին հակաթուրք ուղղութիւնը իբրեւ այդպիսին՝ իբրեւ թուրք ժողովուրդին դէմ ուղղուած պայքար գոյութիւն ալ չունի։ Ընդհակառակն՝ Թուրքիոյ հակահայ ու ցեղասպան քաղաքականութեան դէմ ուղղուած է եւ էապէս ինքնապաշտպանութեան բնոյթ ունի Հայ Դատի պայքարը։
Հայոց Ցեղասպանութեան հարիւրամեակին ընդառաջ՝ առաջին հերթին հայկական պետութենէն կը սպասուի որդեգրումը Թուրքիան մերկացնելու յարձակողական քաղաքականութեան։
Իսկ Հայաստանի յարձակողական դիւանագիտութիւնը միայն խօսք կը մնայ եւ, ի վերջոյ, կը ծառայեցուի թրքական պետութեան ցեղասպան դէմքը յարդարելու եւ ընդունելի դարձնելու նպատակին, երբ միջազգային ընտանիքի սեղանին վրայ տակաւին բաց կը պահուի Հայաստան–Թուրքիա խայտառակ արձանագրութեանց թղթածրարը։
Արձանագրութիւններ, որոնց տակ իր պահած ստորագրութեամբ՝ Հայաստան կ՛ընդունի, թէ թուրքեւհայ նորահաս սերունդները պէտք չէ թունաւորել փոխադարձ ատելութեամբ… նոյնիսկ երբ թուրք երիտասարդ մը Անգարայի մէջ օր–ցերեկով կը սպաննէ Հրանդ Տինքը, կամ՝ Պուտափեշթի մէջ ազերի թուրքը կացինահար կը սպաննէ հայ սպայ Գուրգէն Մարգարեանը։
Նաեւ՝ արձանագրութիւններ, որոնք պատմական վիճելի հարցերու քննարկման համար խառն յանձնաժողովի մը կազմութիւնը կը նախատեսեն, առանց ի յառաջագունէ հաստատելու, որ թրքական պետութիւնը պատրաստ է վերջ տալու իր մեծ ուրացումին եւ ընդունելու հայ ժողովուրդին դէմ նախ իր նախորդին գործադրած ցեղասպանութեան փաստը, ապա՝ իր հիմնադիր Աթաթուրքին կողմէ միեւնոյն քաղաքականութիւնը շարունակելու յանցագործութիւնը։
Հայոց Ցեղասպանութեան հարիւրամեակին ընդառաջ՝ հայ մամուլը խորքին մէջ կարիքը չունի իր հետեւողական պահանջատիրութիւնը գնահատող հայկական պետութեան խրախուսանքի խօսքերուն՝ մետալներուն կամ պատուոյ գիրերուն։
Հայ մամուլը պէտք ունի իր ցիրուցան ուժերն ու հնարաւորութիւնները համադրող եւ, պետական պահանջատիրութեան ուղիով, յառաջ մղող Հայաստանի Հանրապետութեան հաստատակամ քայլին։
Այդ քայլը կը սկսի հայեւթուրք հաշտութեան խաբկանքը ստեղծող Հայաստան–Թուրքիա արձանագրութիւններէն հայկական ստորագրութեան յետս կոչումով։
Միայն այդ ժամանակ հայ մամուլը կրնայ իր առաւելագոյն լարումին առաջնորդել հայկական պահանջատիրութիւնը եւ կը յաջողի, ողջ աշխարհին հասկնալի 21րդ դարու լեզուով, թրքական պետութիւնը մերկացնել «Երիտասարդ Թուրքիա» մը իբր թէ կերտելու… կեղծիքէն։
Կը յաջողի նոյնիսկ աւելի՛ն կատարել. ամերիկեան եւ միջազգային հանրային կարծիքին առջեւ պարզել սպառնական վտանգը այսօրուան «Երիտասարդ Թուրքիոյ», որուն ներշնչման միակ աղբիւրը հայասպանութիւն գործած եւ ցարդ անպատիժ մնացած Իթթիհատի «Երիտասարդ Թուրքիան» է…
=========================
Այս Էջը Կը Հովանաւորէ
ԱՆԴՐԱՆԻԿ ՊԱՂՏԱՍԱՐԵԱՆ