ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հալէպի կեդրոնական եւ քրիստոնէական թաղամասերուն մէջ արդէն քանի մը օրէ ի վեր իրավիճակը հանդարտ էր. այսպէս յայտնած է Բերիոյ թեմի ազգային առաջնորդարանի բանբեր Ժիրայր Ռէյիսեանը՝ աւելցնելով, որ կրակոցներու ձայներ կը լսուին ծայրամասերէն։ Ըստ Ռէյիսեանի՝ հալէպահայերը կը փորձեն իրարու օգնել՝ վնասուած բնակարանները մաքրելու եւ տարրական նորոգումներ կատարելու նպատակով: Բայց եւ այնպէս, բնակչութեան մօտ անորոշութիւն կայ տակաւին. այդ պատճառով ալ վերանորոգութեան լուրջ աշխատանքներ չեն կատարուիր, որովհետեւ ոչ ոք գիտէ, թէ աւելի ուշ ի՛նչ նորանոր ցնցումներ կրնան արձանագրուիլ։
«Հալէպի տարբեր թաղամասերու մէջ տարբեր տեսարաններու կարելի է ականատես ըլլալ: Քաղաքի թաղամասերէն շատերը, որոնց կարգին Նոր Գիւղը, տակաւին ամայի են, ամէն տեղ կան քանդուած, աւերուած կառոյցներ, փակ խանութներու սրճարաններ: Իսկ Փակ շուկայի մօտակայ շրջանները անկարելի է մուտք գործել», դիտել տուած է Ռէյիսեան՝ աւելցնելով, որ այդուհանդերձ, կան որոշ թաղամասեր ու շրջաններ, ուր կեանքը բնականոն կերպով կը շարունակուի, օրինակ՝ Մոկամպոն, ուր սրճարանները եւ խանութները բաց են եւ լուսաւորուած: Փողոցներուն մէջ եռուզեռ կայ։ Ռէյիսեան հաստատեց սակայն, որ զգուշաւորութիւնը տակաւին տիրական է։
Անոր համաձայն՝ Հալէպի Ալ Արքուպ շրջանին մէջ զոհուած է հայ երիտասարդ մը՝ ազատ բանակի արձակազէնի կրակոցէն: Նախնական տուեալներով՝ անոր անունը Մինաս Սազեան է. անոր հետ սպաննուած է նաեւ ընկերը, որ հայ չէ։
Ռէյիսեան դիտել տուած է, որ նշեալ շրջանը բնակելի թաղամաս մը չէ. անիկա ծանօթ է իր աշխատանքային վայրերով, ուր կան նաեւ բազմաթիւ հայապատկան հաստատութիւններ:
Մայրաքաղաք Դամասկոսէն փոխանցուած լուրերու համաձայն՝ Դամասկոսի մէջ թէեւ ցնցումներ չեն արձանագրուած, բայց եւ այնպէս մարդիկ մնայուն վախով կ՛ապրին:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.