ՊՐԻՒՔՍԷԼ.- Եւրոպայի Հայ Դատի գրասենեակէն պատուիրակութիւն մը այցելեց Պելճիքայի թագաւորութեան եւ Լիւքսեմպուրկի մէջ Հունգարիոյ հանրապետութեան մշտական դեսպան Քովաչ Թամաս Իվանին, որ հանդիպման ընթացքին կը խօսէր ՆԱԹՕի ու Եւրոմիութեան մօտ Հունգարիոյ ներկայացուցչութիւններուն անունով:
Հանդիպման նպատակն էր Հունգարիոյ իշխանութիւններէն բացատրութիւններ պահանջել Ռամիլ Սաֆարովի արտայանձնման մասին, եւ առաջարկել քայլեր՝ ուղղուած Հայաստանի եւ Հունգարիոյ միջեւ կապերու վերահաստատման:
Դեսպանը իր իշխանութիւններուն յուսախափութիւնը փոխանցեց Ատրպէյճանի կառավարութեան կողմէ Սաֆարովի ազատ արձակման, ինչպէս նաեւ տրուած պարգեւներուն եւ հերոսացման համար՝ նշելով, թէ Ալիեւի այս քայլը հակառակ է դիւանագիտական ու քաղաքական պատշաճ բոլոր սկզբունքներուն, յատկապէս, երբ Ատրպէյճան պաշտօնապէս խոստացած էր, թէ Սաֆարով իր պատիժը պիտի շարունակէ կրել ատրպէյճանական բանտէ մը ներս: Դեսպանը նաեւ նշեց, որ կարեւոր է, որ Հայաստանն ու Հունգարիան վերահաստատեն դիւանագիտական կապերը:
Եւրոպայի Հայ Դատի գրասենեակի նախագահ Գասպար Կարապետեան, անդրադառնալէ ետք հայեւհունգար երկարամեայ կապերուն եւ Հունգարիոյ մէջ հայ համայնքի ներկայութեան՝ նշեց, որ Հունգարիոյ իշխանութիւնները պէտք էր աւելի լաւ վերլուծէին հարցը, եւ թէ պէտք էր ակնկալէին, որ Ատրպէյճանի իշխանութիւնները պիտի դիմէին Սաֆարովի հերոսացման քայլին, նկատի ունենալով Ալիեւի հակահայ քաղաքականութիւնը: Առաւել եւս, Գասպար Կարապետեան նշեց, որ Հունգարիան պէտք է պատասխանէ նաեւ այդ ամբաստանութիւններուն, թէ Սաֆարովի յանձնումը նաեւ առեւտուրի արդիւնք է՝ նկատի առնելով Ատրպէյճանի կողմէ հսկայական գումարներու ներդրման: Առաւել՝ նշուեցաւ, թէ Հունգարիա յայտարարութեամբ մը հանդէս պէտք է գայ՝ կողմնակից հանդիսանալով Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքին:
Գասպար Կարապետեան նշեց, որ եթէ առնուին այս քայլերը, կրնայ ըլլալ որ Հայաստանի իշխանութիւնները զանոնք նկատեն դրական նշաններ եւ վերանային Հունգարիոյ հետ դիւանագիտական կապերը վերահաստատելու հարցը: Դեսպան Քովաչ խոստացաւ հանդիպման եւ պահանջներուն մասին տեղեկացնել Հունգարիոյ արտաքին գործոց նախարարն ու գերատեսչութիւնը:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.