
ԵՐԵՒԱՆ.- Հայաստանի մօտ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Ճոն Հեֆըրն Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 10ին անդրադարձած է Օսկանեանի գործին եւ այս գծով Հայաստանի մէջ օրէնքի գերակայութեան։ Ան դիտել տուած է, որ Օսկանեանին պաշտօնապէս մեղադրանք ներկայացնելու յայտարարութենէն ետք, իրեն դիմումներ ներկայացուած են՝ այս մասին Միացեալ Նահանգներու դիրքորոշումը յայտնելու խնդ-րանքով:
«Այս զարգացումը, իմ կարծիքով, վատ է Հայաստանի արդարադատութեան ու ժողովրդավարութեան տեսանկիւնէն: Ինչպէս նախապէս արդէն ըսած եմ, այս գործը, կարծես, կը ներկայանայ իբրեւ Հայաստանի օրէնսդրութեան ընտրովի կիրառում: Աւելի՛ն. անհանգստացնող է այն, որ այս դէպքերը տեղի կ՛ունենան ընտրութիւններու սեմին:
«Մենք կոչ կ՛ուղղենք Հայաստանի իշխանութիւններուն՝ կատարել իրենց յանձնառութիւնները՝ համակարգուած, արդարացի ու թափանցիկ կերպով օրէնքի գերակայութիւնը ապահովելու իմաստով», նշած է դեսպանը:
Յայտնենք, թէ Չորեքշաբթի օր Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութեան նախագահ Գագիկ Ծառուկեան այս հարցով խորհրդակցութիւններ ունեցած էր ամերիկացի դեսպանին հետ:
Միւս կողմէ՝ արտաքին գործոց նախկին նախարար, «Սիվիլիթաս» հիմնադրամի հիմնադիր Վարդան Օսկանեանի հաշուոյն վերջերս տեղի ունեցած իրադարձութիւններուն առնչութեամբ յայտարարութեամբ մը հանդէս եկած է հիմնադրամը։ Յայտարարութեան մէջ կ՛ըսուի.
«Հայրենի իրաւապահ համակարգը սկսել է առանձնակի ջանասիրութեամբ «պաշտպանել» «Սիվիլիթաս»ի եւ նրա աշխատակիցների շահերը: Վերջին օրերին անյայտ անձինք մեծ հետաքրքրութեամբ եւ «սրտացաւութեամբ» հետեւում են «Սիվիլիթաս»ի աշխատակիցներին, թէ ինչպէ՛ս են նրանք ստորագրահաւաք կազմակերպում փողոցներում՝ ընդդէմ քաղաքական հետապնդումների: Այդ անյայտ անձինք չեն խորշում անգամ հիմնադրամի աշխատակիցներին ուղեկցել մինչեւ տուն:
«Մենք անընդունելի ենք համարում նման գործելաոճը: Այն որեւէ կերպ չի տեղաւորւում կառավարական որեւէ օղակի պատասխանատուութեան շրջանակներում: Եթէ հարկային ճնշումներն ու որոշ լրատուամիջոցների անհիմն հրապարակումները ի վիճակի չեղան թուլացնել «Սիվիլիթաս»ի աշխատակիցների վճռականութիւնը, ապա այս միջոցներն էլ են ապարդիւն լինելու:
«Մեր գործունէութիւնը, ինչպէս նախկինում, այնպէս էլ այժմ առաւելագոյնս թափանցիկ եւ հրապարակային է, եւ աւելի լաւ կը լինի՝ իրաւապահ եւ անվտանգութեան մարմինները զբաղուեն նաեւ պետութեան իրական անվտանգութեանն առնչուող խնդիրներով»։