ՓԱՐԻԶ.- Կիրակի, Հոկտեմբեր 7ին, Փարիզի 9րդ թաղամասի քաղաքապետարանի «Ռոսինի» սրահին մէջ Վալանսի Համազգայինի թատերախումբը ներկայացուց Յակոբ Պարոնեանի «Շողոքորթը», երեք արարով, Սիմոն Մնակեանի բեմադրութեամբ:
«Ինչպէս անունէն ալ կարելի է կռահել, ներկայացման գլխաւոր հերոսն է շողոքորթը՝ շողոքորթ Պապիկը, որ սիրային յարաբերութիւններու իսկական «վոտվիլ»ի մը մէջ կը գտնէ ինքզինք: Բայց ան, շողոքորթութեան իր բնատուր ձիրքերուն շնորհիւ, ամենայն յաջողութեամբ դուրս կու գայ դժուար կացութիւններէն, որոնց տուն տուողն ալ ի՛նքն է իրականութեան մէջ, իր շողոքորթութիւններով, որոնք իրենց հասցէատէրերուն պատճառած խթանիչ հոգեվիճակով ստեղծած են այդ բարդ իրավիճակները: Կատակերգութիւնը կ՛աւարտի այս ամբողջին՝ թիւրիմացութեան մը հետեւանքը ըլլալու ընդհանուր վճիռով», կը գրէ «Նոր Յառաջ» թերթը:
Դերակատարներն էին, մուտքի կարգով՝ Մարալ Հարպոյեան՝ տան սպասուհիին՝ Փարթեմի դերով. Կարպիս Պտղունի՝ 60ամեայ տանտէր Թադէի դերով, որ սիրահարած է 20ամեայ Սոֆիին. Անի Իփճեան՝ Թադէի քոյրը՝ 40ամեայ Թերեզան, որ իր կարգին սիրահարած է Թադէի որդեգրած՝ այժմ 20ամեայ Արշակին. Սիմոն Մնակեան՝ շողոքորթ Պապիկի դերին մէջ. Րաֆֆի Իփճեան՝ Արշակը, որ երկու սէր ունի՝ հայ բանաստեղծութիւնն ու նմանապէս՝ Սոֆին. Զապէլ Գասպարեանը՝ Սոֆին, որ կը սիրէ իրեն սիրահարած վերոնշեալ երկուքէն բոլորովին տարբեր մէկը՝ Տիգրանը, զոր կը մարմնաւորէր Արմէն Մինասեան. Սոֆիի հօր՝ Յովսէփի դերին մէջ՝ Տիգրան Գրիգորեան, որ այլեւս չի գիտեր թէ ո՛ր մէկն է իր աղջկան սիրահարը, որ միանգամայն պիտի կարգադրէ իրեն վերագրուած անարդար պարտքի հարցն ալ. եւ վերջապէս Յովսէփենց տան ծառայի՝ Գէորգի դերին մէջ՝ Յարութ Հարպոյեանը:
«Ողջոյն այս ձեռնարկին գաղափարը յղացողներուն, կազմակերպողներուն, գործադրողներուն… Միակ մաղթանքը որ կարելի է ընել, նման վայելքներ աւելի յաճախ ապրելու կրնայ վերաբերիլ միայն», կ՛եզրակացնէ «Նոր Յառաջ»:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.