
ԿԱԼԿԱԹԱ, Հնդկաստան.- Շաբաթ, Հոկտեմբեր 13ին Կալկաթայի Հայոց մարդասիրական ճեմարանին մէջ նշուեցաւ Հայ տպագրութեան 500ամեակը:
Մարդասիրական ճեմարանը «Սխոլաստիկ» կազմակերպութեան հետ կազմակերպած էր գիրքի ցուցահանդէս-վաճառք, ուր, ի շարս այլ գիրքերու, ցուցադրուեցան ճեմարանի 184ամեայ «Արարատեան» գրադարանի հայերէն-անգլերէն հնատիպ գիրքերը: Ցուցահանդէսը տեւեց երկու օր:
Հնդկահայոց հոգեւոր հովիւ, Հայոց մարդասիրական ճեմարանի կառավարիչ Խորէն վարդապետ Յովհաննիսեանի հրաւէրով ձեռնարկին դասախօսեց Կալկաթայի Ամերիկեան գրադարանի տնօրէն դոկտոր Սուշանտա Պաներճի:
Դոկտոր Պաներճին ելոյթ ունեցաւ «Ընթերցանութեան կարեւորութիւնը» նիւթով: Ան առանձնայատուկ շեշտադրումով անդրադարձաւ հայ տպագրութեան, ապա խօսեցաւ տպագրութեան ծագման մասին:
Դոկտոր Սուշանտա Պաներճի իր տպաւորիչ ելոյթին ընթացքին ի մասնաւորի ըսաւ. «1439ին Եոհան Կութենպերկ յեղաշրջում կատարեց հասարակութեան մեջ՝ Գերմանիոյ մէջ յայտնագործելով բառաձուլման հաստոցը: Հայերը օգտագործեցին Կութենպերկի արուեստագիտութիւնը իրենց 38 տառերը մետաղի ձուլելով: Եւ մնայուն տպագիր բառի շնորհիւ անոնք կրցան պահպանել իրենց լեզուն, եկեղեցական ձեռագիրները, հետեւաբար՝ իրենց ազգային ինքնութիւնն ու իմաստութիւնը հետագայ դարերուն ընթացքին: Անոնք եղան առաջինները, որոնք հասկցան Կութենպերկի արուեստագիտութեան կարեւորութիւնը»:
Ելոյթի աւարտին հարց ու պատասխանի միջոցով տեղի ունեցաւ առաւել ուշագրաւ քննարկում:
Հանդիսութեան մասնակցեցան Հայոց մարդասիրական ճեմարանի սաները, ուսուցիչները, այլ դպրոցներու եւ առաջնակարգ քոլեճներու սաներ, համայնքի ներկայացուցիչներ: