ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա», «Ռոյթըրզ».- Թուրքիոյ ու Սուրիոյ միջեւ պատերազմ մը կը ծագի՞։ Օրերէ ի վեր շատեր այս հարցումը կ՛ուղղեն մտահոգութեամբ, քանի որ ամէն օր առաւել եւս կը սրի երկու երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւնները։ Բայց, Թուրքիոյ մօտ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Ֆրենսիս Ռիքարտոնէ կը յայտնէ, թէ Թուրքիոյ ու Սուրիոյ միջեւ պատերազմի հաւանականութիւն չկայ։ «Թուրքիա խելացի կը վարուի եւ նախագահ Ասատին լարած ծուղակին մէջ չինկաւ», ըսած է դեսպանը, որ պաշտպանեց այն կարծիքը, թէ Ռուսիան ու Իրանը եթէ դադրեցնեն իրենց զօրակցութիւնը Ասատին, ապա անոր իշխանութիւնը անմիջապէս փուլ պիտի գայ։
Դեսպանը յիշեցուց, որ Թուրքիա հարիւր հազար Սուրիացի գաղթական հիւրընկալած է իր հողերուն վրայ, ինչ որ «առատաձեռնութիւն» որակեց: Ան նաեւ գաղթականներու հարցով «անճարակ» որակեց ՄԱԿը՝ պնդելով, որ անիկա բաւարար հետաքրքրութիւն չի ցուցաբերեր Սուրիոյ գաղթականներուն։
Միւս կողմէ՝ Սուրիոյ մէջ պետական ուժերու ու ապստամբներու միջեւ զինեալ ընդհարումները կը շարունակուին, մանաւանդ հիւսիսային շրջաններուն մէջ:
Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Ճիհատ Մաքտիսի, անդրադառնալով ՄԱԿի եւ Արաբական լիկայի Սուրիոյ հարցով յատուկ պատուիրակ Լախտար Իպրահիմիի՝ Ատհայի տօնին առիթով զինադադար հաստատելու կոչին՝ ըսաւ, որ Սուրիա, արաբ դէտերու առաքելութեան նախկին ղեկավար Մուսթաֆա Տապիի օրերուն եւս զինադադարին յանձնառու մնաց, ինչպէս նաեւ՝ Քոֆի Անանի օրերուն, սակայն ապօրինի զինեալ խմբաւորումներն էին, որոնք զինադադարը կը խզէին, եւ Տապիի զեկուցումը այդ իրողութեան վկան է:
Մաքտիսի ըսաւ, որ պահանջուածը ինքնանպատակ զինադադար մը չէ՝ նշելով, որ Սուրիոյ մէջ պէտք է զինադադարի հաստատման շուրջ ընդհանուր կարծիք գոյանայ, իսկ այդ զինադադարը պէտք է հակառակորդ զինեալ խմբակը զինելու առիթ մը չըլլայ: Ան նաեւ հաղորդեց, որ Իպրահիմի յառաջիկայ օրերուն Սուրիա պիտի այցելէ:
Նաեւ, Եւրոմիութեան հարցերով Թուրքիոյ նախարար Էկեմեն Պաղըշ ողջունեց իր օդային սահմանները սուրիական օդանաւերուն առջեւ փակելու Եւրոմիութեան որոշումը՝ զայն կարեւոր զարգացում մը նկատելով: Ան ըսաւ, որ «սուրիական արիւնարբու վարչակարգը այսուհետեւ պէտք է կարգ մը բաներ նշմարէ եւ դադրեցնէ սխալ քայլերը, ինչպէս նաեւ ականջ տայ իր ժողովուրդի պահանջներուն»:
Մոսկուա-Դամասկոս թռիչք կատարող սուրիական օդանաւին՝ Անգարայի մէջ էջք կատարել պարտադրելու թրքական քայլին հիման վրայ, Ուաշինկթըն Սուրիոյ դրացի երկիրներուն կոչ ուղղեց, որ իրենց օդային տարածքը խստօրէն հսկեն: Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Վիքթորիա Նիւլընտ յայտնեց, որ Ուաշինկթըն «կը պաշտպանէ» Թուրքիոյ որոշումը:
Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Կենատի Կաթիլով, անդրադառնալով այն տեղեկութեանց, թէ Իպրահիմի կ՛առաջարկէ Սուրիոյ մէջ 3000 խաղաղապահներ տեղակայել՝ յայտնեց, որ խաղաղապահներ ուղարկելու մասին որոշում մը տալու իրաւունքը ունեցող միակ մարմինը ՄԱԿի Ապահովութեան խորհուրդն է՝ նշելով, որ նման որոշում մը նախ Դամասկոսի համաձայնութեան կը կարօտի: Նշենք, որ Իպրահիմի աւելի ուշ հերքեց, թէ նման առաջարկ մը ըրած է:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.