
ՎԱՏԻԿԱՆ.- Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 15ին, Պենետիքթ ԺԶ. պապը ընդունած է Արեւելքի կաթողիկէ պատրիարքներու պատուիրակութիւն մը, որուն մաս կը կազմէր Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց Ներսէս Պետրոս ԺԹ. կաթողիկոս պատրիարքը: Պատրիարքները շնորհակալութիւն յայտնած են պապին՝ Լիբանան կատարած իր այցելութեան եւ Միջին Արեւելքի առաքելական յատուկ յորդորի ստորագրութեան ու հռչակումին համար: Պապը, իր կարգին, մեծ ուրախութիւն յայտնած է Լիբանան կատարած այցելութեան առթիւ՝ բարձր գնահատելով լիբանանցիներու եռանդն ու կորովը, հակառակ անոնց ապրած դժուար պայմաններուն: