ՊԷՅՐՈՒԹ, «Ռոյթըրզ».- Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 19ի յետմիջօրէին, ականուած ինքնաշարժ մը պայթեցաւ Պէյրութի Էշրեֆիէ շրջանին մէջ՝ խլելով առնուազն 8 զոհ եւ պատճառելով մօտաւորապէս 80 վիրաւոր: Նեղ թաղամասի մը մէջ տեղի ունեցած ուժգին պայթումը նիւթական մեծ վնասներ պատճառեց:
Զոհերէն մէկն էր Լիբանանի ներքին ապահովութեան ուժերու գաղտնի սպասարկութեան պետ՝ զօր. Ուիսեմ Հասանը, իսկ պայթումը տեղի ունեցած է թաղամասի մը մէջ, ուր կը գտնուէր Փաղանգաւոր կուսակցութեան կեդրոնատեղին ու ընդդիմութեան «Մարտ 14» շարժումի մէկ գրասենեակը:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.