ԱԹԷՆՔ.- Աթէնքի «Լետրա Մարիոթ» հիւրանոցի սրահին մէջ Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 17ին Յունաստանի մօտ ՀՀ դեսպանութեան հովանաւորութեամբ տեղի ունեցած է «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի 20ամեակին նուիրուած հանդիսութիւնը՝ կազմակերպուած հիմնադրամի Յունաստանի մասնաճիւղին կողմէ: Այս մասին կը հաղորդէ ՀՀ արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ, տեղեկատւութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութիւնը:
Ողջոյնի խօսքով հանդէս եկած է Յունաստանի մօտ ՀՀ դեսպան Գագիկ Ղալաչեան, որ իր ելոյթին մէջ ընդգծած է հիմնադրամի ստեղծման եւ գործունէութեան բացառիկ կարեւորութիւնը Հայաստանի, Արցախի ու համայն հայութեան համար:
Հիմնադրամի Յունաստանի յանձնախումբի ատենապետ Վաչէ Տէր Կարապետեան ներկայացուցած է հիմնադրամի անցած ուղին, մասնաւորապէս՝ Յունաստանի մասնաճիւղին կողմէ իրականացած աշխատանքներն ու յառաջիկայ ծրագիրները:
Յունահայ համայնքի տասը նշանաւոր բարերարներու յանձնուած են «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի պարգեւները:
Ներկաներուն ցուցադրուած է հիմնադրամին մասին երկու տեսահոլովակ: Այնուհետեւ ելոյթ ունեցած է յայտնի կիթառահար Յակոբ Քոլանեան:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.