ՊԷՅՐՈՒԹ.- Չորեքշաբթի, 17 Հոկտեմբերին, երեկոյեան ժամը 7ին, Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահին մէջ բացումը կատարուեցաւ Հայաստանի ժամանակակից գեղանկարչութեան ներկայացուցիչներէն Գագիկ Ղազանճեանի եւ Լիլիթ Սողոմոնեանի ցուցահանդէսին:
Ցուցահանդէսը կը վայելէր հովանաւորութիւնը ճարտարարուեստի նախարար Վրէժ Սապունճեանի: Ներկայ էին Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեան, Լիբանանի մօտ Հայաստանի դեսպան Աշոտ Քոչարեան, Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Անդրանիկ Մսըրլեան, մարմիններու եւ միութիւններու ներկայացուցիչներ, հայ եւ օտար արուեստագէտներ ու արուեստասէրներ:
Բացման խօսքով ցուցասրահի վարչութեան անդամ Քարլա Թիւթիւնճեան բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն եւ ներկայացուց արուեստագէտները: Ապա ցուցասրահի տնօրէն Յակոբ Հաւաթեան անդրադարձաւ արուեստագէտ զոյգի գործունէութեան եւ Համազգայինի հետ անոնց ունեցած կապին՝ հաստատելով, որ այս նախաձեռնութիւնը անպայման որ գեղանկարչական մարզին մէջ իր դրական ներդրումը պիտի ունենայ Հայաստան-Լիբանան կապերու յաւելեալ սերտացման մէջ:
Աւարտին արուեստագէտները խօսք առնելով յայտնեցին իրենց շնորհակալական բարձր զգացումները:
Յայտնենք, որ ցուցահանդէսը կը շարունակուի մինչեւ 10 Նոյեմբեր:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.