Եւրոպայի Հայ Դատի գրասենեակէն պատուիրակութիւն մը, Երկուշաբթի, 15 Հոկտեմբերին հանդիպեցաւ եւրոխորհրդարանի ազդեցիկ երեսփոխան (ALDE քաղաքական խումբ) սըր Կրահամ Ուաթսոնի հետ, որ միաժամանակ նաեւ նախագահն է եւրոպական Ազատական դեմոկրատական եւ բարեփոխումներու կուսակցութեան (European Liberal Democrat and Reform Party, ELDR):
Հանդիպման ընթացքին Հայ Դատի գրասենեակի պատուիրակութեան կողմէ բուռն բողոք ներկայացուեցաւ ALDE քաղաքական խումբի որոշման դէմ՝ Սաֆարովի հարցով ընդունուած եւրոխորհրդարանին բանաձեւին դէմ քուէարկելու համար, հակառակ անոր որ իրենց կողմէ յայտարարուած էր, թէ իրենք դէմ են բանաձեւումին՝ որովհետեւ Հունգարիոյ դէմ կարծր դատապարտում չկար: ALDE-ի կողմէ խօսք առնող երկու երեսփոխաններ՝ Նորիքա Նիքոլայ (Ռումանիայ) եւ Քրիսթինա Օյուլանտ (Էսթոնիա) դէմ արտայայտուեցան բանաձեւին հիմնականօրէն պաշտպանելով Ատրպէյճանը եւ յարձակողական ըլլալով Հայաստանի դէմ:
Ուաթսոն ինք ալ իր դժգոհութիւնը յայտնեց դէմ քուէարկելու որոշման համար, նշելով, թէ ինք առողջական պատճառներով ներկայ չէր եղած Սթրազպուրկ: Ինք կը հաւատայ, որ պէտք էր ամէն պարագայի դատապարտուէր Ատրպէյճանը: Խոստացաւ նաեւ յարաբերութեան մէջ մտնել երեսփոխաններուն հետ եւ իրենց ուշադրութեան յանձնել, թէ առնուած քայլն ու Եւրոխորհրդարանի նիստին ընթացքին իրենց արտայատութիւնները տեղին չէին:
Ուաթսոնի փոխանցուեցաւ նաեւ Արցախի հիմնախնդիրին շուրջ Հայ Դատի գրասենեակին կողմէ պատրաստուած պրակը:
Համաձայնուեցաւ, որ մօտ ապագային ունենալ հանդիպում մը եւս, այս անգամ մասնակցութեամբ Արցախէն ներկայացուցիչի մը, որպէսզի աւելի հանգամանօրէն ներկայացուի հարցը:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.