
ԱՆԹԻԼԻԱՍ.- Չորեքշաբթի, 17 Հոկտեմբերի առաւօտուն Արամ Ա. վեհափառ անպաշտօն այցելութիւն մը տուաւ «Թռչնոց Բոյն» եւ շուրջ ժամ մը եղաւ «Թռչնոց Բոյն»ի փոքրիկներուն հետ: Վեհափառը հանդիպում ունեցաւ «Թռչնոց Բոյն»ի տնօրէնին, ուսուցիչներուն ու պաշտօնեաներուն հետ, որպէսզի աւելի մօտէն ծանօթանայ վերջին շրջանին հոն կատարուող աշխատանքներուն, ինչպէս նաեւ տեղեակ դառնայ հաստատութեան դիմագրաւած մտահոգութիւններուն մասին:
Ապա հայրապետը իր ժամանակին մէկ կարեւոր բաժինը յատկացուց փոքիկներուն, այցելեց անոնց ննջարանները ու դասարանները, հանդիպեցաւ անոնց հետ «Թռչնոց Բոյն»ի շրջափակին մէջ եւ մօտէն հետաքրքրուեաւ անոնց առօրեայ կեանքով ու յատկապէս կրթական աշխատանքով:
Վեհափառը մեծապէս քաջալերեց ու գնահատեց «Թռչնոց Բոյնի» ճամբով երեխաներուն տրուող խնամքը:
Յայտնենք, որ այս տարի 40 փոքրիկներ կան «Թռչնոց Բոյն»ի մէջ: «Թռչնոց Բոյն»ը մեր ժողովուրդի հաւաքական յիշողութեան մէջ կարեւոր տեղ ունի: Ցեղասպանութենէն ետք հազարաւոր փոքրիկներ խնամուեցան այս հաստատութենէն ներս: Սփիւռքի միակ որբանոցն է անիկա եւ լծուած է նոյն առաքելութեան: Անոր նպատակն է ծնողքէ զուրկ, դժուարութեան մատնուած կամ անտէր մնացած հայ մանուկին տէր դառնալ: Մեր ժողովուրդը ամբողջ Սփուռքի մէջ յատուկ նախանձախնդրութիւն կը ցուցաբերէ այս հաստատութեան նկատմամբ, նաեւ նիւթապէս աջակցելով անոր մարդասիրական առաքելութեան: