Պոլսահայ միութեան հոգաբարձութեան գործադիր մարմինի վարչութիւնը ցաւակցական յայտարարութիւն մը հրապարակած է Երուսաղէմի Թորգոմ պատրիարքի վախճանման առիթով. յայտարարութեան մէջ կ՛ըսուի. «Խոր ցաւով եւ խորիմաստ վիշտով տեղեկացանք Երուսաղէմայ Հայոց պատրիարք Թորգոմ արք. Մանուկեանի վախճանման գոյժը: Պոլսահայ միութիւնը իր ցաւակցութիւնները կը յայտնէ Գարեգին Բ. Ամենայն հայոց պատրիարք եւ կաթողիկոսին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսին, Կոստանդնուպոլսոյ Հայոց պատրիարք Մեսրոպ արք. Մութաֆեանին, Երուսաղէմայ Հայոց պատրիարքարանին եւ հայ ժողովուրդին:
Կ՛աղօթենք, որ իր հոգին գտնէ յաւիտենական հանգիստը»:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.