
ՇԸՐՄԸՆ ՕՔՍ.- Մասնագէտներու «Արփա» հասարակական կազմակերպութեան նախաձեռնութեամբ, Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 12ին, երեկոյեան ժամը 7:30ին ֆրանսահայ պատմագէտ Քլոտ Մութաֆեան պիտի բանախօսէ միջնադարեան Հայաստանի մասին, իր երկհատորեայ «L՛Armenie du Levant» հատորի հրատարակութեան առիթով:
Ձեռնարկը տեղի պիտի ունենայ «Մերտինեան» վարժարանի սրահին մէջ (13330 Riverside Dr. Sherman Oaks, CA 91403):
Քլոտ Մութաֆեան ծնած է Փարիզի արուարձաններէն մէկուն մէջ, 1942ին, եւ զաւակն է Հայկական Ցեղասպանութենէն վերապրած ծնողներու: Ան թուաբանութեան մէջ մասնագիտացած է եւ զայն դասաւանդած աւելի քան 40 տարի, Ֆրանսայի եւ աշխարհի տարածքին տարբեր համալսարաններու մէջ: Սակայն ան միշտ յատուկ սէր ունեցած է պատմութեան նկատմամբ եւ անկէ մղուած՝ ուսումնասիրած է ու հրատարակած Հայաստանի նուիրուած շարք մը հատորներ, կազմակերպած է ցուցահանդէսներ «Սորպոն» համալսարանին, Վատիկանի եւ այլ սրահներու մէջ: Ան մասնագիտացած է յատկապէս միջնադարեան պատմութեան մէջ ու 60 տարեկանին ստացած է պատմութեան ճիւղին մէջ իր դոկտորան՝ իբրեւ աւարտաճառ ունենալով Հայկական Կիլիկիան: Վերոյիշեալ հրատարակութիւնը այդ աւարտաճառէն ծնունդ առած է:
Ձեռնարկի մասին յաւելեալ տեղեկութեանց համար, դիմել դոկտ. Յակոբ Փանոսեանին՝ (818) 453-0618 թիւով կամ info@ARPAInstitute.org հասցէով: