«Մաշտոց» քոլեճի տիկնաց օժանդակ մարմինը կազմակերպած է հետեւեալ երկու ձեռնարկները.
Ա.- Հայ գրատպութեան 500ամեակին նուիրուած գիրքերու փառատօն եւ արուեստագիտուհի Յասմիկ Քլճեանի ձեռարուեստի՝ խաչատառ Մեսրոպեան գիրերու, ցուցադրութիւն: Ձեռնարկի բացման ընդունելութիւնը տեղի պիտի ունենայ Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 26ին, երեկոյեան ժամը 7ին, քոլեճի դահլիճին մէջ: Փառատօնը բաց պիտի պահուի նաեւ Շաբաթ, Հոկտեմբեր 27ին, առաւօտեան ժամը 11էն մինչեւ կ.ե. ժամը 5: Մուտքը ազատ է:
Բ.- Գոհաբանութեան տօնին առիթով յատուկ ճաշկերոյթի մը ընթացքին, քոլեճը գնահատանքի պիտի արժանացնէ խումբ մը հայ երեւելի կանանց: Միջոցառումը տեղի պիտի ունենայ Կիրակի, Նոյեմբեր 4ին, կէսօրուան ժամը 12էն մինչեւ 4, քոլեճի դահլիճին մէջ: Գեղարուեստական կոկիկ յայտագիր մը մշակութային հաճոյք պիտի պատճառէ ներկաներուն: Պիտի ըլլան նաեւ վարձու տաղաւար-սեղաններ՝ վաճառքի համար: Տոմսի արժէքն է 30 տոլար, իսկ իւրաքանչիւր տաղաւարի-սեղանի վարձքն է միայն 50 տոլար: Ձեր տոմսերը եւ տաղաւար-սեղանները ապահովելու համար, ամէնէն ուշը մինչեւ Հոկտեմբեր 27, հեռաձայնել Արփիին՝ (818) 912-0884, կամ Լենային՝ (818) 421-0119 թիւերով:
Յաւելեալ տեղեկութիւններու համար, հեռաձայնել (818) 548-9345 թիւին:
Քոլեճի նոր համալիրին հասցէն է՝ 744 S. Glendale Avenue, Glendale, CA 91205:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.