Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ
Անոնք, որոնք Շաբաթ, 13 Հոկտեմբերի երեկոյեան ներկայ եղան Համազգայինի «Պարոյր Սեւակ» մասնաճիւղի «Սայաթ Նովա» երգչախումբի ելոյթին, օտար պիտի չզգան հետեւեալ տողերուն հետ, հետեւաբար, մեր խօսքը առաւելաբար բացակայողներուն համար է։ Անմիջապէս նշենք, որ ներկաները ապրեցան երգչախմբային եւ այլ երաժշտական վայելքներ, իսկ բացակայողները կորսնցուցին վայելք մը, հետեւաբար, մեր յոյսն ու մաղթանքն է, որ ելոյթը կրկնուի, եւ ո՛չ միայն մէկ անգամ, բայց մա՛նաւանդ պատանի աշակերտներու եւ ուսանողներու համար։
Երգչախումբի ելոյթին մեր վրայ թողած գեղեցիկ տպաւորութիւնները, ինչպէս նկատեց ընթերցողը, մեզ մղեցին սկիզբէն արձանագրելու մտածումներ ու բաղձանքներ, որոնք աւանդաբար կ՛արձանագրուին նման գրաւոր արտայայտութեան մը աւարտին։ Արդեօք լաւ չէ՞, որ երբեմն ըսուելիքներու շարքը շրջուի նման տպաւորութիւններու իբրեւ արդիւնք…
Նախ, քանի մը ընդհանուր արտայայտութիւն, յետոյ, մաս առ մաս վեր կ՛առնենք որոշ մանրամասնութիւններ, առանց յոյս ունենալու, որ այս սիւնակները պիտի բաւեն արձանագրելու մեր բոլոր գնահատականներն ու ցանկութիւնները։
ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ ՎԱՅԵԼ
Առաջին հերթին, պէտք է արձանագրել, որ «Սայաթ Նովա»ի այս մատուցումը լիովին վայել էր Համազգայինին, այսինքն՝ զայն կարելի է անվարա՛ն որակել «Համազգայինավայել», որովհետեւ երկարաշունչ աշխատանքը բեմին վրայ հանդէս բերաւ երաժշտական որոշակի որակ, ընտրուած երգացանկէն սկսեալ մինչեւ խմբային միաձոյլ մատուցում, ու տակաւին՝ երիտասարդ երաժիշտներու եւ երգահաններու, այլ խօսքով՝ արուեստագէտներ քաջալերողի դերակատարութիւն, որ Համազգայինինն է եղած անոր ծննդեան օրէն ի վեր, ամրագրուած է անոր առաքելութեան մէջ։
«Սայաթ Նովա»ն չենք ուզեր բաղդատել այլ երգչախումբերու հետ, այլ նոյնինքն ինքն իրեն հետ։ Անիկա ծնունդ առած է մօտաւորապէս երեք տարի առաջ, եւ ահա, 13 Հոկտեմբերի գիշերը, «Օքսիտենթըլ Քալեճ»ի բեմին վրայ երկրորդ անգամ ըլլալով երաժշտասէր հանրութեան ներկայացաւ գունագեղ յայտագիրով մը։ 2010ի իր առաջին ներկայացումէն ասդին, խումբը յստակ բարելաւում արձանագրած է միաձոյլ երգելու որակական իմաստով (չենք ուզեր ըսել, որ նախորդին մատուցումը թերի էր, այլ կ՛ուզենք շեշտել բարելաւումն ու զարգացումը), իբրեւ արդիւնք՝ խմբավարին ու խումբի անդամներուն ի գործ դրած ճիգին, քրտինքին, առանց մտահան ընելու, որ խումբը մեծ մասամբ կազմուած է սիրողներէ, որոնք ահա Հայ Երգին հանդէպ սէրն ու ազնիւ երգի նախանձախնդրութիւնը կը ներկայացնեն աւելի մեծ փորձառութեամբ, ու այդ սէրն ու նախանձախնդրութիւնը բեմէն կը յորդեցնեն դէպի սրահ, զեղում ու հոսք կ՛արձանագրեն դէպի իւրաքանչիւր ունկնդիրի աչքը, սիրտն ու հոգին։ Ի դէպ, սրահին բոլոր աթոռները լեցնող ունկնդիրները ի սկզբանէ արդէն գրաւական մը ապահոված էին, թէ երեկոն պիտի ըլլար յաջողութիւն մը։
Երգչախումբը հասա՞ծ է կատարելութեան։ Վստահաբար ոչ, նախ՝ որովհետեւ կատարելութիւնը սահման չունի, յետոյ՝ ինչպէս առաջին ելոյթէն մինչեւ այս մէկը, արձանագրուած է երկար ճամբայ, որ այս նուաճումէն անդին, անպայման որ նոր հորիզոններ պիտի բանայ խումբին դիմաց. որքան ցանկալի պիտի ըլլայ, որ առանց այժմու անդամները կորսնցնելու՝ խումբը ուռճանայ նոր ու երիտասարդ ուժերով, որոնք հետագային դառնան երթը շարունակող դրօշակիրները, շարունակականութիւն երաշխաւորող նոր անդամները։ Արգիլուած չէ երազելը, որ խումբը օժտուի նաեւ նուագախումբով. չէ՞ որ նոր իրագործումներուն ճամբան կը հարթուի երազներով։ Քանի մը տարի առաջ, նոյնինքն այս երգչախումբը աղուոր երազ մը չէ՞ր միթէ…
ԲՈՒՆ ՀԱՆԵԼՈՒԿԸ
Մեր թեմի առաջնորդ սրբազանին՝ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի սրտի խօսքէն ու վայլեքի պահուան մը մասին արտայայտութենէն առաջ, հանդիսավարը՝ Սիւզի Ծերունեան-Խանզատեան, իր բացման ու ողջոյնի խօսքին մէջ հանելուկ մը ուղղեց ներկաներուն, անմիջապէս պատասխանելով, որ «Սայաթ Նովա»ն ոչ-արհեստավարժ տարբեր տարիքի երգողներու հանդիպման վայրն է, ու տակաւին, խօսեցաւ այլ աղուոր արժանիքներու եւ երեւոյթներու մասին։
Մեզի (կը հաւատանք նաեւ հանդիսականներուն) համար, աւելի մեծ հանելուկը՝ նոյնինքն… Նորա Ռումեան-Պայրամեանն էր, որովհետեւ իսկապէս որ հանելուկային է թէ ան ինչպէ՛ս յաջողած է «Սայաթ Նովա»ն վերածել ոսկեձոյլ հնչեղութեամբ երգողներու խումբի, ապա նաեւ ձեռքով-գլուխով-ամբողջ մարմինով նուագելու կողքին՝ ձեռքի ու բազուկի քանի մը շարժումներով խումբը անսայթաք կ՛առաջնորդէ մեղմէն ուժեղ, հանդարտէն դէպի կշռութաւոր՝ ռիթմիք երգի ոլորտները։ Խիղճի ամենայն հանդարտութեամբ կարելի է Նորան որակել «Սայաթ Նովա»ի ուղն ու ծուծը, հոգին, տինամոն ու «աճպարար»ը։ Այս բոլորը կ՛ենթադրեն հարուստ տաղանդ, եւ քիչ մըն ալ աւելին։
ԵՐԳԱՑԱՆԿԸ
Ըսինք արդէն, որ մատուցուեցաւ խնամուած եւ լաւապէս ընտրուած երգացանկ մը, ուր տեղ ունէին ծանօթն ու նորերը, համեմատաբար քիչ լսուած երգեր։ «Կիլիկիա»ով ներկայ էր հանգուցեալ Զարեհ արք. Ազնաւորեանի մշակումը, խանդավառող ու ալետատան երանութեան մատնող էին Խաչատուրեանի, Տոլուխանեանի, Յարութիւնեանի ու Ալթունեանի ստեղծագործութիւնները, որոնցմէ մէկ քանին ապրած էին խմբավար Նորայի մշակման հպումները։ Յայտագիրին երկրորդ բաժինը բազմամշակոյթ էր, այն առումով, որ հոն տեղ ունէին ֆրանսերէն երգ մը՝ Ազնաւուրէն, արաբերէն, անգլերէն եւ ռուսերէն երգեր, որոնց հետեւեցան Ալեմշահ, Կանաչեան, Սայաթ Նովա, Յակոբեան եւ Սարիբէկեան։
Հանդիսականները, առաջին երգերուն հետ՝ զգուշաւոր խանդավառութեամբ, իսկ աւելի ուշ, ազնիւ երգի ծաւալման հետ ջերմանալով՝ արդէն ներգրաւուեցան մթնոլորտին հետ, ծափերով ու երգչախումբին հետ երգելով քայլ պահելու փորձերով։ Ու երբ սրահը կը ներգրաւուի բեմին կողմէ, երբ բեմէն յորդածը լիովին կը հասնի նստարանները գրաւողներու հոգիները, խումբն ու խմբավարը արդէն ապահոված կ՛ըլլան յաջողութեան տոմսը։
ԱՌԱՆՁԻՆ ԱՍՏՂԵՐ
«Սայաթ Նովա»ի երգահանդէսը պատրաստողները՝ խմբավար, երգչախումբ, «Պարոյր Սեւակ» մասնաճիւղ եւ գործակիցներ, ոչ աննախընթաց, բայց իւրայատուկ գաղափարը ունեցած էին յայտագիրը զարդարելու առանձին աստղերով։
Խմբավարին ու երգչախումբին կողքին, երեկոյթը փայլեցուցին քանի մը արուեստագէտներ, մենակատարութեամբ, զուգակատարութեամբ եւ երգչախումբի ընկերակցութեամբ երգով։
Յատուկ գնահատանքի ու յիշատակութեան արժանի էին երիտասարդ ջութակահարուհի Լուսինէ Զիրէքեանցը, որ նախ՝ Սիրարփի Զիրէքեանցի դաշնակի ընկերակցութեամբ, ապա նաեւ՝ երգչախումբին հետ, ջութակի վրայ իր խաղերով հմայեց հանդիսականները։ Ազնաւուրի հռչակաւոր «Լա Պոհէմը» իւրայատուկ մեկնաբանութիւն գտաւ Թոնի Քթօսէեանի ձայնով, ընկերակցութեամբ երգչախումբին։ Լուսարձակ ու ամբողջական համակրանք վայելեց Այլին Ամիրեան, որ կիթառի վրայ նուագելով՝ եզակի մեկնաբանութեամբ հրամցուց «Բարի Արագիլ»ն ու երաժշտական իր յօրինումով «Ով ես դու» երգը։ Անոր կ՛ընկերանար թաւջութակահար Գառնիկ Թերզեան։ Առանձին այս աստղերուն ներկայութիւնը այլօրինակ աշխուժութիւն մը ներշնչեց ամբողջ յայտագիրին, որ այլապէս պիտի իյնար երգչախումբին «մենատիրութեան» տակ։
Չմոռնանք երգչախումբին մենակատարները՝ մեներգողներ Արտա Ռումեան-Սօսիկեանը, Էլսի Խաչատուրեանը, Սարգիս Պաղիկեանը, Րաֆֆի Պայրամեանը, Հրաչ Գէորգ Թաշճեանը եւ զուգերգ մը (Մարտիկի Երգը) ներկայացնող Սօսի Իշխանեանն ու Հրաչ Գէորգ Թաշճեանը։
ՔԱՆԻ ՄԸ «ՄԱՆՐՈՒՔ»
Հարկ է կանգ առնել նաեւ քանի մը «մանրուքներու» առջեւ, որոնք իրենց անփոխարինելի տեղը ունեցան երեկոյթի ՄԹՆՈԼՐՏին կազմաւորման մէջ։
Վարագոյրին բացուելէն առաջ թէ անկէ ետք, բեմը հայկական բոյր ունէր քանի մը պատճառներով։ Վարագոյրին վրայ լուսարձակուած երգչախումբին անունը, նուռի ուրուագիծի մը ընկերակցութեամբ, բեմին մէկ կողմը կանգնած «նռնենին»՝ պտուղներով բեռնաւոր, կողքին՝ քամանչա մը, քանի մը կարաս ու այլ իրեր, ու տակաւին՝ երգչախումբի անդամուհիներուն սեւ զգեստին յաւելեալ վայելչութիւն պարգեւող նուռի պատկերները հայկականութեան ակներեւ կնիքներ էին անտարակոյս։
Այս բոլորով, պէտք է անգամ մը եւս կրկնել, թէ Համազգայինն ու Հայ Երգը մշակութային յաջողութիւն մը արձանագրեցին «Սայաթ Նովա»ի երգահանդէսով. աւարտին, հանդիսականներուն ծափերով արտայայտուած՝ կրկնութեան պահանջները յաւելեալ ապացոյց մըն էին այս իրողութեան։
Ըսե՞լ, որ անթերի էր ամէն բան։ Նման հաստատում համազօր պիտի ըլլայ շողոքորթութեան, որմէ մեզ զգուշացուցած են Յակոբ Պարոնեանի պէս մեծեր ու անմահներ։ Չենք ուզեր մանրամասնել, որովհետեւ կը հաւատանք, որ խմբավարն ու խումբը՝ իրե՛նք, ոեւէ մէկէն աւելի՛ լաւ գիտեն այդ մանրամասնութիւնները. 2010էն ասդին արձանագրուած բարելաւումը, կերտուած երկար ճամբան վկայութիւն են այդ բոլորին։
Եւ վստահ ենք, որ այդ ճամբան պիտի շարունակուի աննահանջ, խմբավարին խանդավառութիւնն ու խանդը, աշխուժն ու երանդը ոչ միայն վկայութիւնն են այս ճշմարտութեան, այլ երաշխիք՝ որ խումբն ամբողջ համակուած է նոյն խանդով ու նոր նուաճումներու ձգտումով։
Սպասելով «Սայաթ Նովա-3ին»…
Սխալ անուներ սխալ նկարներուն տակ, կերեւի յօդուածագիրը անուններուն ծանօթ չէ,«թէկուզ կը կասկածիմ» այդ պարագային լաւ կըլլար եթէ հարցներ, թերթին տպագրութեան յանձնելէն առաջ, որովհետեւ գանգատները իվերջոյ կ՝ուղուին մեր թերթին, յույսով եմ, որ այս աչքառու սխալները անմիջապէս կը սրբագրուին թերթին մէջ, եւ յաջորդին առաւել զգուշութեամբ կը գրուի