Ազգային առաջնորդարանի տիկնանց օժանդակ մարմինին նախաձեռնութեամբ, Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 18ին, առաջնորդարանի «Տիգրան եւ Զարուհի Տէր Ղազարեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ մշակութային ձեռնարկ մը, որ արդարացուց մէկէ աւելի նպատակներ: Ճաշկերոյթի հանդիպումը կոչուած էր առաւելաբար ծառայելու միտքի ճոխացման՝ տրուած ըլլալով, որ անիկա հիւսուած էր ուշագրաւ ու կոթողական հատորի մը ներկայացման շուրջ ու կ՛իյնար Հայ Գիրքի տարուան նուիրուած ձեռնարկներու շարքին։
Առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի հովանաւորութեամբ ու ներկայութեամբ կազմակերպուած ձեռնարկին ներկայ եղան Քրեսենթա Հովիտի Հայց. առաքելական եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Ղեւոնդ քհնյ. Քիրազեան, Ազգ. վարչութեան ատենապետուհի Ռիմա Պօղոսեան, տիկնանց օժանդակ մարմինի անդամներ, առաջնորդարանի բարերարներ, բարեկամներ ու միութենական ներկայացուցիչներ։
Բացման խօսքը կատարեց ու յայտագիրը վարեց տիկնանց օժանդակ մարմինի ատենապետուհի Սալբի Սրուրեան։ Ան ողջունեց բոլորին ներկայութիւնը եւ հրաւիրեց առաջնորդը, որպէսզի աղօթքով կատարէ պաշտօնական բացումն ու սեղաններու օրհնութիւնը։ Սրբազանին աղօթքէն ետք Ս. Սրուրեան յիշեցուց, որ Արամ Ա. կաթողիկոս 2012ը հռչակած է Հայ Գիրքի տարի, ինչ որ առիթ տուած է առաջնորդարանի յարկին ու հովանիին տակ կազմակերպելու շարք մը ձեռնարկներ եւ հանդիսութիւններ, որոնցմէ նորագոյնը՝ այսօրուան շնորհահանդէսը։ Ան նաեւ հակիրճ կերպով անդրադարձաւ հեղինակին՝ Ալիս Նաւասարկեանի գրական վաստակին՝ նշելով, որ «Անմահները» գործը անոր ուսումնասիրական-մտաւորական աշխատանքներու շարքին երրորդն է, որուն ներկայացումը քիչ ետք պիտի կատարէ ծանօթ հրապարակագիր եւ մտաւորական Ստեփան Թօփճեանը։
Ճաշէն ետք նոյնինքն հանդիսավարը ասմունքեց Պարոյր Սեւակի բանաստեղծութիւններէն «Ապրել»ը, ապա հրաւիրեց Ստեփան Թօփճեանը, որպէսզի ներկայացնէ հատորը։
«ՈՉ ՄԻԱՅՆ ՊԱՏՄԱԿԱՆ ԳՈՐԾ»
Յարգելի մտաւորականը նախ ընդհանուր գնահատական մը կատարեց այս հատորի արժէքին ու բնոյթին մասին՝ նշելով, որ անիկա պատմական ու մշակութային արտայայտութիւն ըլլալու կողքին, ունի նաեւ այժմէական պատգամ ու բովանդակութիւն։ Ան ակնարկութիւններ կատարեց գիրքի բովանդակութեան կարգ մը բաժիններուն, որոնք կը վերաբերին պատմական անցեալին կամ աւելի մօտիկ՝ մեզի ժամանակակից մշակութային կորուստներու. մանրամասնելով՝ ան նշեց, թէ ինչպէս դարեր առաջ, նոյնպէս ալ այսօր, Հայաստան կը գտնուի աշխարհի մեծ ուժերու ազդեցութեան գօտիին վրայ, իր կեանքը եւ նորագոյն պատմութիւնը կը կերտէ այդ միջավայրին մէջ, իսկ Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ կողմէ մեր մշակութային ժառանգունթեանց փճացումն ու իւրացման փորձերը այլապէս ունին պատմական անցեալ, իրենց լուռ պատգամով կը ներկայանան մեր ժողովուրդին, մշակոյթներու պահպանութեան ջատագով աշխարհին եւ ժողովուրդներուն։ Ան յատկապէս յիշատակեց Նախիջեւանի խաչքարերու փճացման ծանօթ դէպքը, որ տեղի ունեցաւ աշխարհի աչքին առջեւ։
Բանախօսը վեր առաւ այն իրողութիւնը, որ «Անմահները» հատորը արտացոլացումն է հայ ժողովուրդի մեծութեան, արժանիք մը՝ որ կերտուած է այս հատորի էջերուն տեղադրուած անմահներուն ճամբով։ Ան դրուատիքով խօսեցաւ աւելի քան տասնամեակի մը վրայ երկարող Ա. Նաւասարկեանի աշխատանքին մասին, կանգ առաւ նաեւ այն բաժիններուն վրայ, ուր լուսարձակի տակ բերուած են Պարսկաստանի հայութեան մշակութային ու քաղաքական իրագործումները, որոնք ընդհանրապէս քիչ ծանօթ են մեր ժողովուրդին, ապա եզրափակեց գնահատականով մը՝ ըսելով, թէ անմահներու պատգամը այս հատորին մէջ սեղմելով՝ հեղինակը եւս յայտնապէս ձգտում ունի անմահութեան։
«ԱՆՀԱՏԱԿԱՆ «ԵՍ»ԵՐԷ ՎԵՐ»
Բանախօսին ներկայացումէն ետք, հանդիսավարը հրաւիրեց սրբազանը՝ արտասանելու իր գնահատանքի ու օրհնութեան խօսքը։ Ան նախ ողջունեց ներկաները եւ բարձր գնահատեց տիկնանց օժանդակ մարմինը, որ այս ու նմանօրինակ որակաւոր եւ լիցքաւորող ձեռնարկներով մասնակից է առաջնորդարանի ժողովրդանուէր առաքելութեան։ Այնուհետեւ, ան հանգամանօրէն անդրադարձաւ «Անմահները» հատորի բովանդակութեան ու անոր հեղինակին երախտարժան աշխատանքին՝ գոհունակութիւն յայտնելով, որ այսօրուան ձեռնարկը տեղի կ՛ունենայ Թարգմանչաց տօնի օրերուն, Հայ Մշակոյթի ամսուան ընթացքին։
Շարունակելով իր խօսքը՝ առաջնորդը ակնարկութիւն կատարեց Սեւակի «Ապրել» բանաստեղծութեան գաղափարներուն՝ ընդգծելով, որ հաւաքական կեանքի մէջ «ես»երու գումարը հանդիսացող «մենք»ն է որ կ՛արժեւորուի ու կ՛արժեւորէ մեր կեանքը, իրագործումները։ Այս հատորը, ըսաւ ան, մեր պատմութեան անմահ «ես»երը կը հաւաքագրէ եւ զանոնք կը ներկայացնէ իբրեւ «մենք»։
«Այս կոթողական գործը, իր կարգին, անմահ գործ մըն է, անոր բովանդակութիւնը մեր պատմութիւնը կերտած նահատակներուն ու հերոսներուն պատգամը կը փոխանցէ մեզի, ուղեցոյցի նշանակութիւն ունի մեր եկեղեցական ու ազգային արժէքներու ծանօթացման ու պահպանման իմաստով, թելադրանք՝ որ մեր «ես»երը ի սպաս դնենք մեր ժողովուրդի «մենք»ին», յայտնեց ան։ Այս մօտեցումով, առաջնորդը բարձր գնահատեց Ալիս Նաւասարկեանի գործը, որ փաստացի ապացոյց է թէ ան ոչ միայն կատարած է անմահներու վաստակին ու պատգամին հաւաքը, այլ նաեւ թափանցած է անոց թողած ժառանգութեան ու պատգամներուն խորքը։ «Այս բոլորին ծանօթանալով ու այդ պատգամները իւրացնելով՝ մենք եւս պէտք է դառնանք կիրարկողը մեր ազգային ու եկեղեցական աւանդներուն, ըլլանք անոնց տարածիչը եւ մեր կեանքը կերտենք անոնց օրինակին հետեւելով՝ հեզութեամբ, խոնարհութեամբ, ծառայութեամբ եւ սիրով», եզրափակեց առաջնորդը։
Սրտի խօսք արտասանելու հրաւիրուեցաւ նաեւ հեղինակը՝ Ալիս Նաւասարկեանը։ Ան առաջին հերթին շնորհակալութեան ու երախտագիտութեան խօսք ուղղեց առաջնորդին եւ տիկնանց օժանդակ մարմինին, սոյն ձեռնարկի կազմակերպման ու յաջողութեան համար։ Ան այս առիթով նաեւ շնորհակալութեան արտայայտութիւններ ունեցաւ բանախօսին, ինչպէս նաեւ «Անմահները» հատորի կազմութեան ու խմբագրումին մէջ բաժին ունեցող արուեստագէտներուն ու թարգմանողներուն մասին՝ յոյս յայտնելով, որ այս հատորով, ինք ներդրում ունեցած կ՛ըլլայ մեր պատմութեան ու մշակոյթի ծանօթացման եւ պահպանման գործին մէջ։
Վերջապէս, ան շնորհակալութիւն յայտնեց ներկաներուն, որ այս ձեռնարկին մասնակցութեամբ քաջալեր կ՛ըլլան մեր մշակոյթին ու արժէքներուն։
Ձեռնարկի աւարտին, առաջնորդը յուշանուէր մը յանձնեց Ա. Նաւասարկեանին: Տիկնանց օժանդակ մարմինը, իր կարգին, ծաղկեփունջով մը պատուեց հեղինակը։
Ձեռնարկի պաշտօնական բաժինի աւարտին, հեղինակը մակագրեց ներկաներուն ստացած օրինակները։ Ան վաճառուած գիրքերուն ամբողջ հասոյթը նուիրեց առաջնորդարանին։
Նշենք, որ սրահի մուտքին ցուցադրուած էին նաեւ առաջնորդարանի գրատունէն շարք մը գիրքեր, որոնք հետաքրքրութիւն ստեղծեցին ներկաներուն մօտ։