
«Ակունք» կայքը կը տեղեկացնէ, թէ «Պելկէ» հրատարակչութիւնը լոյս ընծայած է ֆրանսացի պատմաբան Իվ Թերնոնի «Հայկական Թապուի Դատը՝ 20 Տարի Ետք» գիրքը: Աշխատութիւնը թարգմանած է Էմել Աքկիւլ, իսկ զայն հրատարակութեան պատրաստած է հրատարակչատան տնօրէն Ռակըպ Զարաքօլու:
Թերնոն 568 էջնոց սոյն աշխատութեան մէջ կը հերքէ Հայկական Հարցին վերաբերեալ թուրք պաշտօնական պատմագրութեան միակողմանի տեսակէտները:
Զարաքօլու գիրքի յառաջաբանին մէջ կը ներկայացնէ Թուրքիոյ մէջ թապու եղած հայկական նիւթերու վերաբերեալ աշխատութիւններ հրապարակելու գործընթացը, իր կնոջ՝ Այշենուրի, դէմ յարուցուած դատը եւ Թուրքիոյ մէջ վերջին 20 տարիներուն Հայկական Ցեղասպանութեան մասին քննարկումները:
Յիշեցնենք, որ «Պելկէ» հրատարակչութիւնը 1993ին տպագրած էր նաեւ Թերնոնի «Հայկական Թապու» գիրքը, որ դարձած էր Թուրքիոյ մէջ Հայկական Ցեղասպանութեան մասին լոյս ընծայուած առաջին աշխատութիւններէն մէկը: