
Քոփենհակընի Թագաւորական գրադարանին մաս կազմող Մարդասիրական հետազօտութիւններու գրադարանին մէջ Նոյեմբեր 6ին կայացած է «Հայոց Ցեղասպանութիւնը եւ սքանտինաւեան արձագանգը» խորագիրը կրող ժամանակաւոր ցուցահանդէսի բացումը: Անիկա կազմակերպուած էր Դանիոյ մէջ ՀՀ դեսպանութեան եւ Դանիոյ Թագաւորական գրադարանին կողմէ՝ Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի հետ համագործակցաբար:
ՀՀ արտաքին գործոց նախարարութեան մամուլի, տեղեկատուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութենէն կը տեղեկացնեն, որ ցուցահանդէսին բացումին ներկայ էին Քոփենհակընի մէջ հաւատարմագրուած կարգ մը երկիրներու դեսպաններ եւ դիւանագէտներ, քաղաքական, գիտական, մշակութային շրջանակներու ներկայացուցիչներ, լրագրողներ, հոգեւորականներ, Քոփենհակընի համալսարանի ուսանողներ եւ հայ համայնքի ներկայացուցիչներ:
Ցուցադրութեան մաս կազմող 14 պաստառները հանգամանօրէն կը ներկայացնեն Հայոց Ցեղասպանութենէն առաջ եւ ետք սքանտինաւեան միսիոնարուհիներու, դիւանագէտներու, քաղաքական եւ հասարակական գործիչներու, լրագրողներու, բարեգործական կազմակերպութիւններու, բժիշկներու եւ այլոց արձագանգը օսմանեան կայսրութեան մէջ հայերու դէմ իրագործուած զանգուածային բնաջնջման քաղաքականութեան:
Բացման խօսքով հանդէս եկած է Թագաւորական գրադարանին մաս կազմող Մարդասիրական հետազօտութիւններու գրադարանի ղեկավար Հանս Քրիսթիան Միքելսըն:
Այնուհետեւ, ելոյթ ունեցած է Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի տնօրէն Հայկ Դեմոյեան «Հայոց Ցեղասպանութեան եւրոպական յիշողութեան սքանտինաւեան ուղղութիւնը» թեմայով: Ան, իր խօսքին մէջ կարեւոր համարելով այսպիսի ցուցահանդէսին կարեւորութիւնը Քոփենհակընի մէջ, անդրադարձած է Հայոց Ցեղասպանութեան եւ տարբեր ժողովուրդներու եւ երկիրներու պատմութեան ու յիշողութեան փոխադարձ կապին:
Կիւլինկի պատմութեան թանգարանի տնօրէն Մոկընս Հոյմարք իր հակիրճ ելոյթով ներկայացուցած է դանիացի հայասէր Քարէն Եփփէի կեանքը եւ գործունէութիւնը: Ելոյթով հանդէս եկած է նաեւ Եուսի Պէօրն ներկայացնելով իր մեծ մօր՝ նորվեկացի միսիոնար Պոտիլ Պէօրնին նուիրուած «Չերգուած հերոսուհին» շարժապատկերի նախագիծը:
Իր խօսքին մէջ Դանիոյ մէջ ՀՀ դեսպան Հրաչեայ Աղաճանեան նշած է, որ սքանտինաւեան երկիրներու բազմաթիւ քաղաքացիներ աշխուժօրէն արձագանգած են հայ ժողովուրդը պատուհասած այդ արհաւիրքին եւ կրցած են մարդասիրական լայն գործունէութիւն ծաւալել հայերը փրկելու, անոնց ապաստան տալու եւ սնունդ ապահովելու ուղղութեամբ:
Ելոյթի վերջաւորութեան դեսպանը շնորհակալութիւն յայտնած է բոլոր ներկաներուն եւ, յատկապէս, Դանիոյ թագաւորական գրադարանին, ինչպէս նաեւ ՀՀ ԳԱԱ Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկին՝ ի դէմս տնօրէն Հայկ Դեմոյեանի:
Երեկոյի ընթացքին հնչած են հայ մեծ երգահան Կոմիտասի ստեղծագործութիւնները:
Ցուցահանդէսը պիտի շարունակուի մինչեւ 15 Դեկտեմբեր: