Համագործակցութեամբ Հայաստանի մշակոյթի եւ Ֆրանսայի մշակոյթի ու հաղորդակցութեան նախարարութիւններուն, 13-18 Հոկտեմբերին Կոմիտաս վարդապետի ծննդեան 140ամեակին առթիւ Փարիզի մէջ տեղի ունեցան շարք մը ձեռնարկներ:
Շարքը սկսաւ Սորպոն համալսարանի «Ռիշըլիէօ» ամփիթատրոնին մէջ համերգ-գիտաժողովով՝ նիւթ ունենալով Կոմիտասի աշխարհիկ երաժշտութիւնը: Երկրորդ ձեռնարկը տեղի ունեցաւ 15 Հոկտեմբերին Սեն Լուի տեզ Էնվալիտ տաճարին մէջ նուիրուած Կոմիտասի հոգեւոր երաժշտութեան: Ռոպէր Մլքէեանի ղեկավարութեամբ, Հայաստանի սենեկային երգչախումբին տուած համերգին առընթեր, Մհեր Նաւոյեան եւ Անթոնի Ժերար ներկայացուցին վարդապետին կեանքն ու ստեղծագործութիւնը, ինչպէս նաեւ անոր վաստակը՝ հայ ազգային եւ համաշխարհային երաժշտութեան զարգացման մէջ:
Հոկտեմբեր 18ին Սալ Կաւոյի մէջ տեղի ունեցաւ գլխաւոր ձեռնարկը մասնակցութեամբ Հայաստանի սենեկային երգչախումբին, ղեկավարութեամբ Ռոպէր Մլքէեանի, «Սիփան-Կոմիտաս» երգչախումբին՝ ղեկավարութեամբ Կարպիս Ափրիկեանի, «Նայիրի» սենեկային նուագախումբին՝ ղեկավարութեամբ Հայկ Դաւթեանի, «Արփեճիոն» քառեակին, երաժշտագէտ, դաշնակահար Սվեթլանա Նաւասարդեանի, մեներգիչներ՝ Բարսեղ Թումանեանի (պաս), Ճուլիէթա Գալստեանի (մեցցօ սոփրանօ), Յասմիկ Թորոսեանի (սոփրանօ):
Հայաստանի սենեկային երգչախումբը ներկայացուց Ա. Ահարոնեանի՝ Կոմիտասի 140ամեակին առթիւ յատկապէս յօրինած, «Մենաւոր» երգերու շարքը, որուն հիմք ծառայած են Կոմիտասի հարսանեկան եւ գեղջկական երգերը:
Այս առթիւ Ֆրանսա ժամանած էր նաեւ Հայաստանի մշակոյթի նախարար Յասմիկ Պօղոսեանը ընկերակցութեամբ պատուիրակութեան մը: Նախարարը հանդիպում մը ունեցաւ ֆրանսացի իր պաշտօնակից Ֆրետերիք Միթերանի հետ:
Երկուքին մօտ տրամադրութիւն յայտնուած է մշակութային գործակցութեան նոր համաձայնագիր մը ստորագրելու վերաբերեալ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.