
ՀՌՈՄ, «Ա.Էֆ.Փէ.».- Միջազգային ոստիկանութիւնը՝ «Ինթըրփոլ»ը, իր պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով պիտի ղեկավարուի կնոջ մը կողմէ, երբ ֆրանսացի Միրէյ Պալեսթրազի պիտի ստանձնէ անոր նախագահութիւնը:
58ամեայ Պալեսթրազի Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 8ին ընտրուեցաւ այս պաշտօնին: Մինչ այդ, ան կը ղեկավարէր «Ինթըրփոլ»ի եւրոպական բաժինը, եւ Պորտոյի ու Քորսիքայի մէջ յատկանշական արշաւներ մղած էր քրէական խմբաւորումներու դէմ: