ԹԵՀՐԱՆ, «Էյ.Փի.».- Ուրբաթ, Նոյեմբեր 9ին, Իրանի խորհրդարանի ազդեցիկ երեսփոխաններէն Մուհամմատ Սալեհ Ճոքար հաստատեց այս շաբթուան ընթացքին ամերիկեան լրատուամիջոցներու հաղորդած այն տեղեկութիւնները, թէ անցեալ շաբաթ իրանեան օդուժը կրակ բացած է ամերիկեան լրտեսական անօդաչու օդանաւի մը վրայ:
Երեսփոխանը աւելցուց, թէ կրակ բանալու որոշումը տրուած է, որովհետեւ լրտեսական օդանաւը խախտած էր իրանեան օդային սահմանները, մինչ Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարարութիւնը կը պնդէ, թէ միջադէպը տեղի ունեցած է միջազգային ջուրերու վրայ եւ օդանաւը անվնաս վերադարձած է:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.