ՆՈՒՊԱՐ ՏԷՄԻՐՃԵԱՆ
Սան Ֆրանսիսքոյի Ս. Գրիգոր Լուս. եկեղեցւոյ հովիւը, երեսփոխանական կազմը, հոգաբարձութիւնն ու հաւատացեալ ժողովուրդը, հոգեկան անհուն գոհունակութեամբ ողջունեցին ներկայութիւնը Ամերիկայի Արեւելեան թեմի առաջնորդ Օշական արք. Չօլոյեանի, որ պատարագեց եւ յաւուր պատշաճի քարոզեց եկեղեցւոյ մէջ, Կիրակի, Հոկտեմբեր 28ին:
Օշական սրբազան Չօլոյեան ըսաւ. «Ինծի համար հոգեկան մեծ գոհունակութիւն է 46 տարիներու եկեղեցական ծառայութեանս ընթացքին այս՝ Ս. Գրիգոր Լուս. եկեղեցւոյ մէջ առաջին անգամ ատարագել ու քարոզել: Շնորհակալ եմ, որ ձեր աղօթքներով մասնակից կ՛ըլլաք մեր եկեղեցւոյ զօրութեան, յատկապէս Սան Ֆրանսիսքոյի ու շրջակայքի հայ համայնքի զօրութեան»:
Նկատի ունենալով, որ սոյն Կիրակին կը զուգադիպէր Գիւտ Ս. Խաչի Կիրակիին՝ սրբազան հայրը որպէս քարոզ ընտրած էր նոյն նիւթը: Պիտի ընենք կարգ մը մէջբերումներ սրբազանի քարոզէն՝ նկատի ունենալով նիւթին շահեկանութիւնը եկեղեցական առումով, թէ ինչպէս Կոստանդիանոս կայսեր մայրը՝ Հեղինէն, իր զօրաւոր հաւատքով ուզեց գտնել Քրիստոսի խաչը: Նաեւ, այս ձեւով կ՛ուզենք մատչելի դարձնել սրբազանին այդ օրուան պատգամը հաւատացեալներուն, որոնք ակամայ բացակայ էին այդ օրը եկեղեցիէն:
Առաջնորդը իր պատգամը սկսաւ Պօղոս առաքեալի խօսքերով. ««Բայց մենք խաչեալ Քրիստոս կը քարոզենք». Պօղոս առաքեալ այս խօսքերով, իր նամակին մէջ կ՛ուզէ յիշեցնել, որ Քրիստոսի խաչելութիւնը մարդոց իմաստութենէն շատ աւելի վեր է, եւ Քրիստոսի խաչելութիւնը մեզի կը բերէ նոր կեանք, որուն քարոզչութեան համար Ինք ոեւէ վայրկեան չի մտահոգուիր: Այս խօսքերը այսօր կ՛ըսեմ, որովհետեւ մեր եկեղեցւոյ օրացոյցին մէջ այսօր Գիւտ Խաչն է՝ Խաչին գիւտը, զոր թերեւս ձեզմէ շատերը գիտեն որպէս պատմութիւն, թէ ինչպէ՛ս չորրորդ դարու սկիզբը, երբ Կոստանդիանոս կայսեր մայրը՝ Հեղինէն, իր զօրաւոր հաւատքով ուզեց անպայմա՛ն գտնել Քրիստոսի Խաչը. գացին մինչեւ Երուսաղէմ եւ այնտեղ երկար փնտռտուքէ ետք, ըստ պատմիչին, յանկարծ աղբերու մէջէն կրցան դուրս բերել երեք խաչափայտեր. որպէսզի ճշգրիտ գիտնային, թէ ո՞րն է Քրիստոսի խաչափայտը, այնտեղէն պատանի մեռեալ մը կ՛անցընէին, ուստի երկու խաչերը կը դնեն անոր վրայ, բայց երբ երրորդ խաչը կը դնեն, մեռեալը յարութիւն կ՛առնէ: Այլ խօսքով՝ այսօր երբ Խաչի գիւտին մասին կը խօսինք, խաչ գտնելու մասին, մենք ալ պէտք է 21րդ դարու մեր օրերուն մտածենք, թէ ինչպէ՛ս կրնանք գտնել խաչը: Վերջապէս, ատիկա այդ նոյն խաչն էր, որ մեր բոլորին փրկութեան ճամբան բացաւ. փրկութիւնը խօսք չէ, փրկութիւնը մեր ամէն օրուան կեանքն է, որ մեր հաւատքին մէջ մենք զմեզ ծառայ դարձնելով Քրիստոսի՝ պէտք է մեր նմաններուն, աղքատին, կարեկիցին երթանք, օգնենք, եւ անիկա ճամբան կը բանայ այն փրկութեան, զոր Քրիստոս իր արիւնով մեզի տուաւ:
«Սիրելի հաւատացեալներ, երբ հիւանդ ենք, ամէն օր կ՛երթանք բժիշկի, բայց կը մտածե՞նք անգամ մը, որ երբ մեր հոգին պէտք ունենայ երկնաւոր բժիշկի՝ Իրե՛ն երթալ, որովհետեւ միայն Ի՛նքն է, որ անցեալի մեղքերը կրնայ սրբել, միմիայն Ինքն է, որ ներկայի անկարողութիւններէն, անօգնականութիւններէն կրնայ ազատել եւ միայն Ինքն է, որ մեզ անորոշութիւններէն եւ վախէն կը փրկէ: Հետեւաբար, եթէ մենք ունինք այսպիսի էութիւն մեր մէջը, այսօր մեր պարտականութիւնն է անգամ մը եւս մենք զմեզ քննել, որպէսզի կարենանք այդ Խաչեալը գտնել: Երանի անոր, որ վիզէն կախուած ոսկիին փոխարէն կը գտնէ այդ խաչը, որ իր հոգիին մէջն է, որ չի կորսուիր, մի՛շտ մնայուն է եւ մեր հոգիներուն փրկութիւն կը բերէ: Այսօր Գիւտ Խաչը, սիրելիներ, այս պատգամով մեզի կու գայ, Քրիստոս կ՛իջնէ բոլորիդ մէջ եւ կը նայի, թէ ձեր հոգիի խաչերուն վրայ Ինք ներկա՞յ է. այն առաքելութեամբ, զոր ինք ունեցաւ մեր բոլորին համար, արդեօք մենք մեր ամէնօրեայ կեանքը կապրի՞նք: Ինք՝ կը սիրէ մեզ, սիրեց մեզ եւ մեզի եկաւ, իսկ ամէն օր մենք կը սիրե՞նք Զինք ճշմարիտ սիրով, ո՛չ թէ խօսքով, այլ՝ զոհողութեամբ: Որովհետեւ Քրիստոսի աղօթելը կը նշանակէ Քրիստոսի նմանիլ, Իրե՛ն պէս ըլլալ, որպէսզի մեր կեանքը դառնայ այնքան սիրալիր, որ ուրիշները մեր միութիւնը գտնեն Աստուծոյ հետ եւ համայնքին հետ»:
Եկեղեցական արարողութիւններու աւարտին տեղի ունեցաւ սուրճի հիւրասիրութիւն: Օշական սրբազան մասնակից դարձաւ հիւրասիրութեան, որ յաւելեալ առիթ մը եղաւ աւելի մօտէն ծանօթանալու ու մտերմիկ խօսակցութիւններ ունենալու գաղութի անդամներուն, հին ու նոր ծանօթներու ու բարեկամներու հետ: