ՊԱՔՈՒ, «Էյ.Փի.Էյ.».- Գերմանական BICC հիմնարկին կողմէ հրապարակուած աշխարհի ամենաշատ ռազմականացած երկիրներու ցանկին մէջ, Իսրայէլ գրաւած է առաջին դիրքը, իսկ անկէ ետք կու գան Սինկափուրն ու Սուրիան: Առաջին տասնեակին մէջ կան Ռուսիան, Յորդանանը, Կիպրոսը, Ատրպէյճանը, Պահրէյնը եւ Սէուտական Արաբիան:
Այս տարուան ընթացքին իրենց ռազմական ամավարկերը զգալիօրէն ուրճացնելով՝ Ատրպէյճանը եւ Պահրէյնը ցանկի առաջին տասնեակին մէջ ներառուելու «պատիւին արժանացած են»՝ տասնեակէն դուրս մղելով Յունաստանն ու Հարաւային Քորէան:
Թուրքիա այս ցանկին մէջ 24րդ դիրքը կը գրաւէ:
Ցուցակը կը համեմատէ երկիրի մը ռազմական ամավարկը՝ անոր տնտեսական այլ տուեալներու եւ ծախսերու հետ, որոնց մէջ են Տեղական ընդհանուր արտադրութիւնը եւ առողջապահութեան համար ծախսուող գումարները:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.