
ՊԱՔՈՒ, «Թրենտ», «Էյ.Փի.Էյ.»- Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 14ին, Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ ծառայութեան ղեկավար Էլման Ապտուլլաեւ յայտարարեց, թէ Ատրպէյճանի իշխանութիւնները բողոքագիր մը յղած են Ուրուկուէյի իշխանութեանց՝ քննադատելով Ուրուկուէյի խորհրդարանի նախագահ Խորխէ Օրիքոյի կողմէ Լեռնային Ղարաբաղ կատարուած պաշտօնական այցելութիւնը:
«Քանի մը ուրուկուէյցի խորհրդարանականներուն այցելութիւնը՝ Ատրպէյճանի գրաւեալ տարածքներ, ոչ մէկ դրական արդիւնք կրնայ տալ, այլ՝ ընդհակառակը, կը սրէ տարածաշրջանին մէջ տիրող լարուածութիւնը», յայտարարած Ապտուլլաեւ եւ աւելցուցած, թէ այս «անօրինական այցելութիւնը» կազմակերպող շրջանակները եւ յատկապէս հայկական Սփիւռքը՝ «դրական ոչ մէկ աւանդ կը ներդնեն ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման գործընթացին մէջ»: Ան նաեւ աւելցուցած է, թէ այս այցելութիւնը «մեծ վնաս կը հասցնէ տարածաշրջանին եւ հայ ժողովրդին»:
Ապտուլլաեւ յայտնած է, թէ հայկական Սփիւռքը նման արարքներով կը փորձէ Ատրպէյճանի համբերութիւնը փորձել, եւ թէ «Երեւանը շատ լաւ կը հասկանայ, որ Ատրպէյճան ունի բոլոր հնարաւորութիւնները՝ իր սեփական հողերը վերադարձնելու», միաժամանակ շեշտելով, թէ Պաքու «կը հաւատայ ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման՝ խաղաղ ճանապարհով»:
«Թող ոչ ոք կասկած ունենայ, թէ մեր հողերը պիտի վերադարձուին: Ցաւօք, որոշ շրջանակներ գիտակցաբար սադրիչ քայլերու կը դիմեն տարածաշրջանէն ներս, ինչ որ կրնայ կացութիւնը ողբերգութեան հասցնել», նշած է ան՝ շեշտելով, որ ատրպէյճանական կողմը պիտի հետապնդէ այս միջադէպը:
Արցախ այցելող Ուրուկուէյ-Հայաստան միջխորհրդարանական բարեկամութեան խմբակի ղեկավար եւ Ուրուկուէյի խորհրդարանի Արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովի անդամ Ռուպէն Մարթինեզ Ուելմօ յայտարարած էր, թէ հաւանական է, որ Ուրուկուէյ մօտիկ ապագային ճանչնայ Արցախի հանրապետութիւնը:
Յատկանշական է, որ Արժանթինի մօտ Ատրպէյճանի դեսպանը, որ նաեւ Ուրուկուէյի մօտ Ատրպէյճանի դեսպանն է, Ուրուկուէյի խորհրդարանի նախագահ Խորխէ Օրիքոյի հետ հանդիպում մը ունեցած էր՝ անոր Հայաստան այցելութենէն քանի մը օր առաջ միայն: