ԵՐԵՒԱՆ, «Փանորամա».– Մարտահրաւէրները դիմագրաւելու համար անհրաժեշտ է հասարակական եւ քաղաքական ուժերու մասնակցութեամբ եւ կարողականութիւն ունեցող ուժերու ներգրաւումով արագօրէն մշակել երկիրի ընկերային–տնտեսական եւ կայուն զարգացման նոր ռազմավարութիւն:
Այս սկզբունքին հաւատացող Հայաստանի խորհրդարանի ընդդիմութիւնը առաջին անգամ յաջողած է հաւաքել անհրաժեշտ 44 ստորագրութիւն՝ Ազգային ժողովի արտակարգ նիստ կայացնելու համար: Ազգային ժողովի Հայ Ազգային Կոնգրեսի խմբակցութեան ղեկավար Լեւոն Զուրաբեան «Փանորամա»ի թղթակիցին տեղեկացուց, որ արդէն իսկ հաւաքուած է 45 ստորագրութիւն՝ ՀԱԿի, «Ժառանգութեան», «Բարգաւաճ Հայաստան»ի, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն խմբակցութիւններու անդամներուն մասնակցութեամբ:
«Ես սա շատ դրական եմ գնահատում, որովհետեւ մենք կարողացանք հաւաքել անհրաժեշտ ստորագրութիւնները», նկատել տուած է Լեւոն Զուրաբեանը:
Նախապէս լրագրողներուն հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին Զուրաբեան յայտնած էր, որ եթէ ստորագրութիւնները հաւաքուին, ապա 21 Նոյեմբերին՝ ժամը 12.00ին արտակարգ նիստ պիտի կայանայ՝ քննարկելու «Ընտրական օրէնսգրքում», «Բնակութեան պետական ռեգիստրի» մասին օրէնքին մէջ եւ Քրէական օրէնսգիրքին մէջ փոփոխութիւններ կատարելու թղթածրարը: ՀԱԿի խմբակցութեան ղեկավարը նաեւ տեղեկացուցած էր, որ արդէն իսկ շրջանառութեան մէջ դրուած թղթածրարը քննարկուած է խորհրդարանական չորս խմ-բակցութիւններու հետ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.