
Հայ իրաւաբանական միութիւնը կը տեղեկացնէ, թէ Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 13ին, Համաշխարհային հարցերու խորհուրդի Լոս Անճելըսի հաւաքին հիւրը եղած է Լոս Անճելըսի մօտ Ատրպէյճանի աւագ հիւպատոսը: Յիշեցնենք, թէ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան նոյն ամպիոնէն ելոյթ ունեցած էր մօտաւորապէս երկու ամիս առաջ, եւ Երեքշաբթի օրուան ելոյթը առիթ մը կը նկատուէր Ատրպէյճանի համար՝ ներկայացնելու տարածաշրջանի իրադարձութեանց մասին իր կարծիքները:
Հիւպատոսի ելոյթէն ետք, հաւաքին ներկայ Հայ իրաւաբանական միութեան ատենապետ Կարօ Ղազարեանը արտօնութիւն ստացած է հանրութեան առջեւ հարցականի տակ դնելու հիւպատոսին փոխանցած կողմնակալ ու սխալ տեղեկութիւնները՝ պնդելով թէ, իրականութեան չի համապատասխաներ հիւպատոսին այն պնդումը, թէ ազգային եւ կրօնական փոքրամասնութեանց ներկայացուցիչները, ներառեալ հայերը, մեծամասնութեան ներկայացուցիչներուն հաւասար իրաւունքներ կը վայելեն Ատրպէյճանի մէջ:
«Մէկ կողմէ կը խօսիք ձեր կողմէ ցուցաբերուող հանդուրժողականութեան եւ լայնամտութեան մասին, իսկ միւս կողմէ՝ Հայաստանի Հանրապետութեան կողմէ օրէնքներու կարծեցեալ խախտումներուն մասին, մինչ ձեր նախագահը կը շարունակէ միջազգային օրէնքները անտեսել, կ՛ոտնակոխէ զինադադարի ու գերիներու փոխանակման համաձայնութիւնները, ներում կը շնորհէ մարդասպան Սաֆարովին ու կը յայտարարէ, թէ հայերը սպաննողները հերոսներ կը նկատուին, իսկ աշխարհի հայերը կը նկատէ Ատրպէյճանի թշնամիները», յայտարարած է Ղազարեան, հանրութեան ներկայացնելով Սաֆարովի հարցին մասին Ատրպէյճանի իշխանութեանց ուղղուած նախագահ Պարաք Օպամայի նամակը, ուր վերջինս «խոր մտահոգութիւն» կը յայտնէր այդ արարքին համար՝ զայն նկատելով «շրջանին մէջ լարուածութիւնը մեղմացնելու ջանքերուն հակադրուող քայլ մը»:
Այս հաստատումներուն պատասխանելու համար, բեմ հրաւիրուած հիւպատոսը կրկնած է պաշտօնական սուտերը:
«Ճիշդ է, որ 21րդ դարը կ՛ապրինք, սակայն Նոյեմբեր 13, 2012ին, ճշմարտութիւնը վերջին զոհը հանդիսացաւ քարիւղով հարստացած Ատրպէյճանի քարոզչական մեքենային: Հիւպատոսը փորձեց ներկաները համոզել, թէ աշխարհի առաջին ժողովուրդը Ատրպէյճանի բնակիչները եղած են, իսկ Ատրպէյճանի ներկայ կառավարութիւնը, աշխարհի ամենալայնախոհն է», կը յայտնէ Ղազարեան՝ աւելցնելով, թէ հիւպատոսը կասկածի տակ առած է նաեւ Հայկական Ցեղասպանութեան իրողութիւնը:
«Նման հեղինակաւոր մարմինի մը բեմէն յայտարարուած նման սուտեր հաստատեցին, թէ կարելի չէ հաւատալ Ատրպէյճանի իշխանութեանց որեւէ յայտարարութեան», կ՛եզրակացնէ Ղազարեան: