ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Յառաջիկայ Կիրակի, 18 Նոյեմբերին, առիթ պիտի ունենանք միասնաբար մեր յարգանքի տուրքը տալու ազգային հերոս Միսաք Թորլաքեանի յիշատակին: Առիթ պիտի ունենանք միասնաբար հաւաքուելու իր շիրիմին առջեւ, գլուխ խոնարհելու եւ աղօթելու իր հոգու հանգիստին համար:
Հերոսներու հոգիները, գիտենք, որ կրնան հանգիստ գտնել միայն ու միայն, եթէ իրենց թողած աւանդին տէր կանգնողներ ըլլան: Փառք Աստուծոյ, մեր նորագոյն պատմութեան իւրաքանչիւր էջը լի է ապացոյցներով, թէ մեր մայրերը կը շարունակեն ծնունդ տալ բազում հերոսներու, որոնք պատիւ կը բերեն իրենց նախորդներուն:
Արդարեւ, լիբանանեան քաղաքացիական պատերազմի օրերու հայ պահակ տղոց սխրանքներէն, եւրոպական մայրաքաղաքներէն լսուած կրակոցներէն, մինչեւ Արցախեան Ազատագրական Պայքարի յաղթական աւարտը, մինչեւ Հայաստան եւ Արցախ պետութեանց սահմաններու պաշտպանութեան ամէնօրեայ խիզախումները, մինչեւ այս օրերուն Սուրիոյ մէջ հայ համայնքի պաշտպան կանգնած քաջարի երիտասարդները, հերոսական նոր դրուագներով կը հարստացնեն մեր պատմութիւնը:
Ահա այս բոլո՛ր ապրող ու նահատակ հերոսները յիշելու, անոնց զոհաբերութիւնը գնահատելու համար, Կիրակի առաւօտ ժամը 10ին, առիթն ունինք հաւաքուելու Մոնթեպելլոյի Էվըրկրին գերեզմանատան մէջ (Evergreen memorial Park, 204 North Evergreen Avenue) գտնուող ազգային հերոս Միսաք Թորլաքեանի շիրիմին շուրջ, ներկայ ըլլալու տեղւոյն վրայ կատարուող հոգեհանգստեան արարողութեան, ապա Մոնթեպելլոյի Սուրբ Խաչ տաճարին մէջ շարունակելու աղօթքը, որմէ ետք՝ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան «Դրօ» կոմիտէին կողմէ հոգեճաշ պիտի մատուցուի եկեղեցւոյ կից «Թումանեան» սրահին մէջ:
Այսպիսի պահեր մեզի անհրաժեշտ են՝ մեր հաւատարմութիւնը յայտնելու այն բոլոր արժէքներուն, որոնց համար կ՛արժէ պայքարիլ: