
ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր Մեդիա».- Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տան նախկին խօսնակ Նենսի Փելոսի արդէն իսկ պատրաստակամութիւն յայտնած է նորընտիր Քոնկրեսին մէջ վերստանձնելու իր ղեկավարի դիրքը:
72ամեայ Փելոսին, որ 2007ին դարձաւ Ներկայացուցիչներու տան առաջին կին նախագահը, յայտնի է իբրեւ հայամէտ գործիչ, եւ Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը գոհունակութեամբ ընդունած է անոր հաղորդած այն լուրը, թէ պիտի շարունակէ պաշտօնավարել իբրեւ փոքրամասնութեան ղեկավար, հակառակ այն տեղեկութեանց, որ ան կը պատրաստուի հեռանալու այդ դիրքէն:
Ուաշինկթընի Հայ Դատի գրասենեակի խօսնակ Էլիզապէթ Չուլճեան «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին հետ զրոյցի մը ընթացքին յիշեցուցած է, թէ վերջին 20 տարիներուն հայ համայնքը համագործակցած է Փելոսիի հետ. «Այդ գործակցութիւնը կար, երբ ան Արտաքին օժանդակութեանց յանձնախումբին մէջ էր եւ երբ մաս կը կազմէր Քոնկրեսի ղեկավարութեան: Բազմաթիւ առիթներով ան զօրավիգ կանգնած է հայկական հարցերու՝ սկսելով Ցեղասպանութեան ճանաչման հարցէն ու հասնելով մինչեւ Ղարաբաղի օժանդակութիւն հասցնելու եւ Ամերիկա-Հայաստան յարաբերութիւնները հզօրացնելու հարցերը», ըսած է Չուլճեան:
Հեռախօսազրոյցին ընթացքին Չուլճեան աւելցուցած է. «Անշուշտ, եղած են պահեր, երբ Հայ Դատի յանձնախումբը զգացած է, թէ յատուկ միջոցառումներ կարելի էր որդեգրել՝ ի նպաստ Ցեղասպանութեան ճանաչման բանաձեւին, սակայն առիթները չօգտագործուեցան»:
Ըստ Էլիզապէթ Չուլճեանի, նոր՝ 113րդ Քոնկրեսին մէջ, շատ այլ առիթներ պիտի ըլլան աշխատելու թէ՛ Նենսի Փելոսիի եւ թէ այլ քոնկրեսականներու հետ, որոնք ընտրութիւններուն ընթացքին վայելեցին Հայ Դատի աջակցութիւնը: Ներկայացուցիչներու տան մէջ հանրապետականները կը շարունակեն մեծամասնութիւն մնալ:
«Թէեւ դեմոկրատները 7 նոր աթոռներ կրցան ապահովել 113րդ Քոնկրեսին մէջ, թէ՛ ղեկավարութիւնը եւ թէ օրակարգի ճշդումը մեծամասնութեամբ պիտի ըլլայ հանրապետական ղեկավարներու ձեռքը: Պիտի շարունակենք աշխատանքները թէ՛ հանրապետական ղեկավարութեան հետ, թէ՛, անշուշտ, տիկին Փելոսիի եւ դեմոկրատ ղեկավարութեան հետ», եզրակացուցած է ան: