ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».– Պելոռուսի եւ Ֆրանսայի Հանրապետութիւններուն մէջ Հայաստանի դեսպանութիւններուն կից պիտի ստեղծուին ռազմական կցորդներու անձնակազմեր: Կառավարութիւնը 15 Նոյեմբերին նման որոշում տուաւ՝ Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան առաջարկով։
Ըստ պաշտպանութեան նախարարութեան կողմէ փոխանցուած լուրերուն, ռազմական կցորդ ունենալու հանգամանքը կարեւոր քաղաքական գործօն է, քանի որ որեւէ երկրի մէջ ռազմական կցորդ նշանակելու հանգամանքը փաստ է այն երեւոյթին, որ Հայաստան մեծ կարեւորութիւն կու տայ տուեալ երկրին հետ ունեցած իր համագործակցութեան, նոյնիսկ եթէ միջազգային տարողութեամբ ռազմական մեծ ծրագիրներ չկան անոր հետ։
Հայաստանի կառավարութիւնը նաեւ որոշում տուաւ ՄԱԿի մէջ Հայաստանի ներկայացուցչութեան ռազմական խորհրդատուի եւ Հաւաքական անվտանգութեան մասին պայմանագիրի կազմակերպութեան մէջ Հայաստանի մնայուն ներկայացուցչութեան եւ Հայաստանի զինուած ուժերու ներկայացուցիչի աշխատակազմեր ստեղծելու մասին:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.