ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Թրքական «Հիւրրիյէթ» թերթի մշակոյթի էջերուն մէջ կը հաղորդուի, որ Թուրքիոյ մշակոյթի նախարար Էրթուղրուլ Կիւնայ կը փափաքի հրատարակել հայ մեծանուն աշուղ Սայաթ Նովայի նուիրուած գիրք մը։
Նախարարը ըսած է, որ նախարարութիւնը կարեւոր կը նկատէ հրատարակել գիրքեր՝ տարբեր մշակոյթներու եւ լեզուներու մասին: Այս առումով՝ նախարարութիւնը կ՛ուզէ հրատարակել գիրք մը, որ պիտի նուիրուի հայ աշուղ Սայաթ Նովայի անձին ու գործերուն։
Նախարարութիւնը, որ արդէն իսկ հրատարակած է քիւրտ եւ ասորի գրողներու գործեր, հիմա իր նախապատուութիւնը պիտի տայ Սայաթ Նովային, որ նախարարութեան կողմէ տրուած տեղեկութեանց համաձայն՝ ապրած է 1712-1795 թուականներուն, գրած է երգեր՝ հայերէն, արպէյճանական թրքերէն, վրացերէն եւ պարսկերէն լեզուներով։ «Կը կարծուի, որ Սայաթ Նովա աւելի քան հազար ստեղծագործութիւններու տակ դրած է իր ստորագրութիւնը», ըսած է նախարար Կունայ եւ աւելցուցած, թէ այս գործերէն միայն 200ը հասած է մինչեւ մեր օրերը եւ թէ Սայաթ Նովա կը նկատուի Կովկասի ժողովուրդներու գանձերէն մէկը։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.