
Իմանալէ ետք Պուլկարիոյ ուղղափառ եկեղեցւոյ պատրիարք Մաքսիմ Ա.ի վախճանումը, Արամ Ա. կաթողիկոս ցաւակցական յատուկ գիր մը յղեց նոյն եկեղեցւոյ սինոտին: Իր ցաւակցական գիրին մէջ վեհափառ հայրապետը ըսած է. «Մենք մօտէն ճանչցած ենք երջանկայիշատակ Մաքսիմ պատրիարքը 1991-2006 թուականներուն, երբ ատենապետն էինք Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդին: Պուլկարիոյ ուղղափառ եկեղեցին իր ներկայացուցիչներու ճամբով կարեւոր դեր ունեցաւ միջեկեղեցական շարժման մէջ: Իսկ Մաքսիմ Ա. պատրիարք 40 տարիներ շարունակ հաւատքով ու նուիրումով կատարեց իր առաքելութիւնը պուլկար ժողովուրդի պատմութեան ամէնէն դժուար ժամանակաշրջանին»:
Յայտնենք, որ յանուն վեհափառ հայրապետին, երկու միաբան հայրեր այցելեցին Պուլկարիոյ դեսպանատունը եւ իրենց ցաւակցութիւնը յայտնեցին դեսպանին: