Ուքրանիոյ խորհրդարանական ընտրութիւններուն իբրեւ արդիւնք՝ երեք հայ պատգամաւորներ ընտրուած են. անոնք են՝ Ուկրաինայի հայերի միութեան նախագահ Վիլեն Շատուորեան եւ յայտնի գործարար Նուէր Մխիթարեան, որոնք պատգամաւոր ընտրուած են Ռեկիոններու կուսակցութեան ցուցակով, իսկ Խարքովի նախկին նահանգապետ Արսէն Աւակով՝ միաւորուած ընդդիմութեան ցուցակով:
Նախատեսուած է կազմակերպել հայ պատգամաւորներու հանդիպում մը, որուն ընթացքին պիտի քննարկուին Ուքրանիոյ հայ համայնքի համախմբման հարցը եւ այլ հարցեր:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.