
Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատան հրաւէրով 28 Նոյեմբերէն 4 Դեկտեմբեր, ամերիկահայ գրող, «Տը Սենտքեսըլ Կըրլզ» («Աւազէ Ամրոցի Աղջիկները») գիրքի հեղինակ Քրիս Պոհճալեան հրաւիրուած է Լիբանան:
Քրիս Պոհճալեան «Տը Սենտքեսըլ Կըրլզ»ը կը համարէ իր գրած գիրքերէն լաւագոյնը:
Հայոց Ցեղասպանութեան մասին պատմող այս վէպը արժանացաւ բարձր գնահատանքի՝ Յուլիս 2012ին իր հրատարակութենէն ետք գրաւելով «Տը Նիւ Եորք Թայմզ»ի ամենաշատ վաճառուող գիրքերու ցանկին 7րդ դիրքը: Ան նաեւ ընդգրկուած է «Փապլիշըրզ Ուիքլի»ի, «Եու.էս.էյ. Թըտէյ»ի եւ Ամերիկայի անկախ գրատուներու ամէնէն շատ վաճառուող գիրքերու ցանկին մէջ:
Պոհճալեան հեղինակած է տասնհինգ գիրքեր, որոնց շարքին «Տը Նիւ Եորք Թայմզ»ի ամենաշատ վաճառուող գիրքերէն հետեւեալները՝ «Տը Նայթ Սթրէյնճըրզ» («Գիշերուան Օտարականները»), «Սիքրըթց աֆ Իտըն» («Եդեմի Գաղտնիքները»), «Սքելեթընզ էթ տը Ֆիսթ» («Կմախքներ Խնճոյքին Ընթացքին»), «Տը Տապըլ Պայնտ» («Կրկնակի Կապը»), «Պիֆոր Եու Նօ Քայնտնես» («Նախքան Բարութիւն Ճանչնալդ»):
Իր «Միտուայվզ» («Մանկաբարձուհիները») վէպը արժանացած է «Տը Նիւ Եորք Թայմզ»ի ամենաշատ վաճառուած գիրքերու առաջին դիրքը գրաւելու պատիւին, ընտրուած է Օփրայի «Պուք Քլապ»ին կողմէ եւ ստացած է «Փապլիշըրզ Ուիքլի»ի «Լաւագոյն գիրք» մրցանակը: Պոհճալեանի գործերը թարգմանուած են աւելի քան քսանհինգ լեզուներու եւ երեք առիթներով վերածուած են ժապաւէններու:
Քրիս Պոհճալեանի «Տը Սենտքեսըլ Կըրլզ» գիրքի շնորհահանդէսը տեղի պիտի ունենայ կազմակերպութեամբ Համազգայինի հրատարակչատան, կաթողիկոսարանի «Կիւլպենկեան» սրահին մէջ, Երկուշաբթի, 3 Դեկտեմբերին, բարձր հովանաւորութէամբ եւ ներկայութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս Արամ Ա. վեհափառին:
Այս առիթով նաեւ տեղի պիտի ունենայ գիրքի մակագրութիւնը:
Պոհճալեանի Լիբանան կեցութեան ընթացքին Ամերիկեան եւ Հայկազեան համալսարաններու ուսանողութեան հետ պիտի կազմակերպուին հանդիպումներ: Ան պիտի այցելէ նաեւ հայկական երկրորդական վարժարաններ:
Յայտնենք, որ գիրքը արդէն հասած է Լիբանան եւ կարելի է զայն գնել Համազգայինի գրախանութէն: