ԵՐԵՒԱՆ, «7 Օր».– Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութեան նախաձեռնած քաղաքական խորհրդակցութիւններու ծիրին մէջ 15 Նոյեմբերին Օրինաց Երկիր կուսակցութեան կեդրոնական գրասենեակին մէջ տեղի ունեցած է ԲՀԿ խմբակցութեան պատգամաւորներ Նայիրա Զոհրաբեանի եւ Վարդան Օսկանեանի ու ՕԵԿ խմբակցութենէն Հեղինէ Բիշարեանի եւ Մհեր Շահգելդեանի հանդիպումը: Մէկ ժամ տեւած տեսակցութեան ընթացքին քննարկուած են համամասնական ընտրակարգին եւ կառավարման խորհրդարանական համակարգին անցնելու ԲՀԿի առաջարկը: Հանդիպման արդիւնքները պիտի եզրակացուին 16 Նոյեմբերին՝ ՕԵԿ քաղաքական խորհուրդի նիստին ընթացքին, որմէ ետք կուսակցութիւնը պաշտօնապէս իր դիրքորոշումը պիտի յայտարարէ: Մինչ այդ, Նայիրա Զոհրաբեանը «Օրինաց Երկիր»ի հետ քննարկումը արդիւնաւէտ նկատած է։
Նշենք, որ «Բարգաւաճ Հայաստան»ը արդէն հանդիպումներ ունեցած է ՀԱԿի, ՀՅԴի եւ «Ժառանգութեան» ներկայացուցիչներուն հետ: «Ազատ դեմոկրատներ»ու հետ ԲՀԿ ներկայացուցիչները պիտի հանդիպին Երկուշաբթի: Քաղաքական խորհրդակցութիւններ նախատեսուած են նաեւ արտախորհրդարանական ուժերու հետ: Իսկ ՀՀԿն մերժած է ԲՀԿին առաջարկը:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.