ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Բերիոյ թեմի ազգային առաջնորդարանի բանբեր Ժիրայր Ռէյիսեանի համաձայն, սուրիական Գամիշլի քաղաքէն Հալէպ տանող ճամբուն վրայ հայ մը՝ Արմէն æուքջուքեան, հանրակառքէն վար առնուած եւ առեւանգուած է։
Ռէյիսեանի համաձայն, այժմ փորձեր կը կատարուին հալէպահայ երիտասարդին ազատ արձակումը ապահովելու նպատակով: Յատկանշական է, որ հանրա-կառքին մէջ այլ հայեր չկային: Տակաւին մանրամասնութիւններ չկան այն մասին, թէ հալէպահայ երիտասարդէն բացի այլ առեւանգուածներ կա՞ն, թէ ոչ:
Հալէպի մէջ տիրող իրավիճակին մասին խօսելով՝ Ռէյիսեան դիտել տուած է, որ մեծ փոփոխութիւններ չկան. մերթ ընդ մերթ կրակոցներու ձայներ կը լսուին հեռուէն, իսկ կեդրոնական թաղամասերուն մէջ վիճակը հանդարտ է։ Այնուամենայնիւ, արձակազէնները մնայուն վտանգ կը հանդիսանան։ Անդրադառնալով Քեսապի մէջ տիրող իրավիճակին՝ Ռէյիսեան յայտնած է, որ պետութիւնը աշխատանք կը տանի վերականգնելու շրջանի ելեկտրականութիւնն ու հեռաձայնային կապը։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.