ՎԱՉԷ ԲՐՈՒՏԵԱՆ

Հետաքրքրութեամբ կարդացի գաղափարակից ընկերոջս՝ Խաչիկ Տէր Ղուկասեանի «Քաղաքացիական հասարակութեան խոստումներն ու սահմանափակումները» խորագիրով յօդուածը, որ վերջերս լոյս տեսած էր «Ասպարէզ»ի, «Հայրենիք»ի ու հաւանաբար նաեւ կարգ մը այլ թերթերու մէջ:
Յօդուածին առանցքը «Հայերը եւ յառաջդիմական քաղաքականութիւնը» ընդհանուր նիւթով համաժողովներու շարքին չորրորդն է: Այս համաժողովներուն նպատակը, ինչպէս շատ ճշգրտօրէն եւ մանաւանդ՝ արդարօրէն կը բնութագրէ յօդուագիրը իր յօդուածին սկիզբը, «հայ ժողովուրդի պատմական գործընթացի ներկայ հանգրուանն ու անոր հեռարձակումը ընթացիկ դարուն մէջ, քաղաքական հոլովոյթներու ընկալում-հասկացութեան, մեկնաբանում-բացատրութեան, ինչպէս նաեւ «ի՞նչ ընել» հարցում-յանձնառութեան յառաջդիմական գաղափարախօսութեան տեսադաշտին մէջ վերլուծելն է»:
Յօդուածագիրը իր արդար քն-նարկումը կը շարունակէ ըսելով, որ այս նպատակին համար, անհրաժեշտ էր այս համաժողովները վերածել Հայաստան-Սփիւռք հանդիպման միջավայրի, ապա՝ «յառաջդիմութիւն» հասկացութիւնը տեղաւորել 21րդ դարու պայմաններու տրամաբանութեան մէջ եւ վերջապէս, դասեր քաղել այլ ժողովուրդներու փորձառութենէն: Ան կը շարունակէ ըսելով, որ նման նախաձեռնութեան մը կարիքը կը զգացուէր Հայաստանի ընկերային-տնտեսական կացութեան վերլուծելումով ու այս կէտին վրայ կու տայ ճշգրիտ հիմնաւորումներ, ինչպէս՝ հարստութեան եւ իշխանութեան խիստ կեդրոնացում, հասարակութեան բեւեռացում՝ ունեցողներու եւ չունեցողներու առումով, կնոջ նկատմամբ բռնութիւն, միջավայրի վայրագ ու անխնայ կողոպուտ, սեռային անհանդուրժողութիւն, համատարած փտածութիւն (corruption, որ մեր համոզումով սոսկական կաշառակերութենէն շա՜տ աւելի համընդգրկուն երեւոյթ է):
Խաչիկ Տէր Ղուկասեան ապա կը նշէ, թէ 2008-9 տարիներուն տեղի ունեցան երկու իրադարձութիւններ, որոնք բեկումնային եղան: Առաջինը Հայաստան-Թուրքիա փրոթոգոլներն էին, իսկ երկրորդը միջազգային ելեւմտական ճգնաժամը, որ մեր կարծիքով ծայրայեղ դրամատիրական գաղափարախօսութեան արդիւնքն է: «Կը թուի, թէ ի մասնաւորի առաջին իրադարձութիւնն ու անոր ժողովրդային հակազդեցութիւնը (…) ազգային հարցին կրկին բացարձակ առաջնահերթութիւն պիտի տար», բայց կը շարունակէ ան, այդպէս չեղաւ, որովհետեւ նախագահ Սերժ Սարգսեան սառեցուց փրոթոգոլներու գործընթացը եւ երկրորդ՝ միջազգային ելեւմտական ճգնաժամի պայմաններուն տակ, Հայաստանի ընկերային-տնտեսական հարցերը խորացան, անոր վրայ բարդուեցաւ նաեւ արտագաղթի հարցը եւայլն:
Փակագիծ մը: Այս վերջին կէտին շուրջ մեր կարծիքը տարբեր է, որովհետեւ կարելի չէ ՀՀ իշխանութիւններու իշխանամոլութիւնը, իր բոլոր յոռի դրսեւորումներով, ընդհանուր պատկերէն դուրս հանել: Սակայն մեր բուն ըսելիքը այս չէ:
Այս բաժինը ամփոփելով հաստատենք, որ գրեթէ ամբողջութեամբ կը բաժնենք «Հայերը եւ յառաջդիմական քաղաքականութիւնը» նիւթով խորհրդաժողովներու հետապնդած ռազմավարական նպատակը, ինչպէս որ յօդուածագիր Խաչիկ Տէր Ղուկասեան իր յօդուածին մէջ բնութագրած է:
«Առ այդ,- կը շարունակէ յօդուածագիր ընկերս,- Հայերն ու յառաջդիմական քաղաքականութեան չորրորդ հանդիպման նախաձեռնողները ճիշդ ընտրած էին Հայաստանի անկախութեան 21 տարիներուն նուիրուած այս հանդիպման կիզակէտ դարձնել՝ հայրենի իրականութեան մէջ ծնունդ առած եւ զարգացած քաղաքացիական հասարակութեան յանձնառու հատուածներէ ներկայացուցիչներ»:
Հոս կը սկսի տարակարծութիւնս: Հետեւեալ պատճառներով:
ԱՌԱæԻՆ. Նշուած չորրորդ հանդիպման մասնակիցներու շարքին էր Հայաստանի մէջ գործող Pink կազմակերպութեան ներկայացուցիչը: Գաղտնիք չէ, որ սա միասեռականներու (արական եւ իգական) կազմակերպութիւն մըն է:
Անձնապէս զիս բացարձակապէս չի հետաքրքրեր, թէ ո՞վ իր ննջարանին մէջ ինչ կ՛ընէ: Զիս բացարձակապէս չի հետաքրքրեր, թէ ո՞վ ի՞նչ տեսակի սեռային ճաշակի տէր է: Երբ հայկական հանրային-հասարակական-քաղաքական միջավայրի քննարկումը կը կատարենք, մեր չափանիշը պէտք է ըլլայ այն, թէ ո՞վ ինչքանո՞վ ներդրում կ՛ունենայ մեր կեանքի առողջ զարգացման ու բարգաւաճման մէջ. եւ սեռային ճաշակը գործ չունի հոս: Մէկը կրնայ միասեռական չըլլալ, սակայն կրնայ կատարեալ անպէտք ու նոյնիսկ վնասակար ըլլալ մեր հասարակութեան համար: Եւ հակառակը, միասեռական մը կրնայ լուրջ ներդրում բերել հայկական հանրային կեանքին, իբրեւ տնտեսագէտ, գիտնական, արուեստագէտ կամ քաղաքական գործիչ ու ա՛յդ իսկ պատճառով, իր բերած ներդրումին պատճառով, ան արժանի է իմ յարգանքին եւ համոզուած եմ, որ նաեւ բոլորի՛ն յարգանքին պէտք է արժանանայ:
Արաբական գրականութեան մէջ հսկաներ կան, որոնք ոչ միայն միասեռական եղած են (օրինակ՝ Ապու Նաուուաս), այլեւ իրենց ամբողջ գրական վաստակը միասեռականութեան թեմայով է: Սակայն արաբ բանասիրական միտքը զանոնք կը դասէ արաբական գրականութեան արժէքային համակարգին մէջ՝ պատուանդանի վրայ, յար եւ նման այլ մեծերու, որոնց մշակած գրականութիւնը էապէս հակադրուած է Ապու Նաուուասի սեռային-անձնական ճաշակին:
Վերջերս ի յայտ եկաւ, որ CNN-ի ականաւոր լրագրողներէն Էնտըրսըն Քուփըր միասեռական է: Է, ուրեմն ի՞նչ ընենք, չլսե՞նք-չդիտե՞նք զինք, կամ՝ եթէ մինչեւ հիմա զայն չէինք դիտեր-լսեր, ասկէ ետք սկսինք մտիկ ընելու ու հետեւելո՞ւ իրեն: Ի մէջ այլոց ըսեմ, որ ես Էնտըրսըն Քուփըրին չեմ հետեւիր հեռատեսիլին վրայ, որովհետեւ ան մաս կը կազմէ պալատական երգիչներու այն խումբին, որուն պարտականութիւնն է քարոզչութիւնը կատարել քաղաքական, տնտեսական ու ընկերային այն գաղափարախօսութեան, որուն հետ ես իբրեւ դաշնակցական (եւ հետեւաբար նաեւ՝ իբրեւ համոզուած ընկերվարական) հիմնովին տարակարծիք եմ:
Այնպէս որ, նշեալ կազմակերպութիւնը բերել ու տեղաւորել յառաջդիմական մտածողութեան շրջագիծէն ներս, իր նպատակին չի ծառայեր՝ նուազագոյնը ըսելու համար:
ԵՐԿՐՈՐԴ. Նոյն հանդիպման մասնակիցներու շարքին էր Human Rights Watch կազմակերպութեան ներկայացուցիչը: Հոս եւս խնդիր կայ, որովհետեւ այս կազմակերպութիւնը այնքան սերտօրէն կը գործակցի Միացեալ Նահանգներու Պետական բաժանմունքին հետ, որ հարցման նշաններ ստեղծած է:
Ամերիկեան անկախ վերլուծական կայքէջերէն counterpunch.org-ին մէջ առատ նիւթ կայ, ուր բացայայտուած են Պետական բաժանմունքին հետ նշեալ կազմակերպութեան կապերը: Բաւական է այս կայքէջի փնտռտուքի կոճակը սեղմել, եւ, voila, մեծ քանակութեամբ նիւթ պիտի երեւի ձեր համակարգիչներու պաստառին վրայ: Այդ կայքէջին վրայ գոյութիւն ունեցող կարգ մը տեղեկութիւններուն համաձայն, Human Rights Watch-ը ոչ միայն սերտ կապեր ունի Պետական բաժանմունքին հետ, այլ նաեւ քիչ մը աւելին:
Անցնող մէկուկէս տարուան ընթացքին, Human Rights Watch-ը եւս մաս կը կազմէր Լիպիոյ նախկին նախագահ Մուամմար Քատտա?ֆիի դէմ Արեւմուտքին կողմէ շղթայազերծուած քարոզչական-քաղաքական պատերազմին՝ ամբաստանելով Լիպիոյ նախկին նախագահը մարդկային իրաւունքներու անլսելի բռնաբարումներով: Այդ երգչախումբին նաեւ մաս կը կազմէր Արդարադատութեան միջազգային դատարանի (ԱՄԴ, ICJ) նախագահ Փիթըր Թոմքան (ազգութեամբ սլովաք): Վերջինս, Լիպիոյ հարցերու «տաք» օրերուն, միջազգային մամուլին մէջ Քատտա?ֆին ամբաստանեց ըսելով, որ ան իր զինեալներուն Viagra կը բաժնէ, որպէսզի բռնաբարումներ կատարեն ու սարսափի մթնոլորտ ստեղծեն ժողովուրդին մօտ: Քանի մը ամիս ետք ՄԱԿի յանձնաժողովներէն մէկը, ի շարս բազմաթիւ անկախ լրագրողներու, երեւան հանեցին, որ նման բան չէ պատահած, սուտ է գլխաւոր դատաւոր Թրոմքային պնդումը: Սակայն Թրոմքա վստահաբար ոչ իսկ մէկ գիշեր իր քունը փախցուց իր բացայայտ սուտին համար:
Անցնող Հոկտեմբեր ամսուան ընթացքին, գրեթէ մէկ ամիս, լիպիացի «յեղափոխական» զինեալներ պաշարման խիստ օղակի մէջ առին եւ անխնայ ռմբակոծեցին մայրաքաղաք Թրիփոլիի մօտակայ Պանի Ուալիտ քաղաքը (աղէտը ցարդ կը շարունակուի): Քանի մը հազար անմեղ քաղաքացիներ սպաննուեցան ու վիրաւորուեցան: Արեւմտեան մամուլին հետ, քար լռութիւն պահեց նաեւ Human Rights Watch-ը: Պարզ է, չէ՞:
ԵՐՐՈՐԴ. Հանդիպման մասնակիցներու շարքին էր նաեւ Հայաստանի մէջ գործող «Բաց հասարակութիւն» կազմակերպութեան ներկայացուցիչը: Այս մէկը հայաստանեան մասնաճիւղն է ծագումով հունգարացի-հրեայ, այժմ ամերիկահպատակ միլիառատէր Ճորճ Սորոսի Open Society կոչուած կազմակերպութեան:
Թէ՛ Վրաստանի «Վարդերու յեղափոխութեան» եւ թէ՛ Ուքրանիոյ «Նարնջագոյն» անուանուած յեղափոխութիւններու հիմնական ֆինանսաւորումը կատարուեցաւ Ճորճ Սորոսի կողմէ: Սորոս, բնականաբար եւ տրամաբանօրէն, այս քայլերը չէր կրնար առնել առանց Պետական բաժանմունքին կանաչ լոյսին, պնդումին, կամ պահանջին:
Եւ հիմա, «Հայերը եւ յառաջդիմական քաղաքականութիւնը» խորհրդաժողովին իր մասնակցութիւնը կը բերէ նաեւ Ճորճ Սորոսի կազմակերպութեան հայաստանեան մասնաճիւղին ներկայացուցիչը: Չերկարենք:
Կարճ, նշեալ թեմայով խորհրդակցութեան ռազմավարական նպատակը, ինչպէս բանաձեւած է Խաչիկ Տէր Ղուկասեան, աւելի քան դրական է, գովելի ու քաջալերելի: Նոյնը դժուար է ըսել զայն իրագործելու կոչուած մարտավարութեան մասին՝ նշեալ երեք հիմնաւորումներով:
Նոյեմբեր 21, 2012
vproodian@gmail.com
Որքան հաճելի էր վերագտնել Վաչէին կուռ ու դիպուկ ոճն ու յստակ ու պայծառ մտածումները: Արեւմուտքի
կեղծիքներուն իր մերկացումները անսեթեւեթ ուժգնութեամբ հրապարակուած՝ ա՛լ երկմտութեան տեղիք չեն թողուր: Եւ այս ամէնը՝ զուսպ եւ կիրթ ոճով տրուած, բայց ինքնավստահ եւ կորովի: Որքա՜ պիտի ուզէինք որ մեր շատ մը յօդուածագիրները, դուրս գալով իրենց ծանծաղումներէն, Վաչէին նման շեշտակի ու հակիրճ ընգրկումով փոխանցէին մեզի իրենց ըսելիքը՝ յստա՛կ եւ պայծառ:
Սարգիս Վահագն