ՊԱՔՈՒ, «Էյ.Փի.Էյ.».- Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 27ին, Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարով յայտարարեց, թէ ԵԱՀԿ Մինսկի խմբակի համանախագահներու տարաշրջան կատարած վերջին այցելութեան ընթացքին ի յայտ եկած է, թէ համանախագահները կը փորձեն բանակցութիւնները առաջ մղել, սակայն «դժբախտաբար, համանախագահներու Հայաստան կատարած այցելութեան ընթացքին խորհրդակցութեանց արդիւնքները առիթ չեն տար դրական ոճով արտայայտուելու»:
Ըստ Մամետեարովի՝ իր յոռետեսութեան պատճառը այն է, թէ Հայաստան կը շարունակէ պնդել իր «ոչ մէկ թիզ հող եւ ոչ մէկ քայլ ետ» կեցուածքին վրայ:
Արտաքին գործոց նախարարին համաձայն՝ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ներկայ կացութիւնը պէտք է փոխուի, որովհետեւ տագնապին շարունակութիւնը կրնայ կացութիւնը հասցնել «անբաղձալի վիճակներու»: Ան կրկնեց, թէ տագնապը պիտի լուծուի միայն երբ հայկական ուժերը հեռանան «ատրպէյճանական բռնագրաւեալ տարածքներէն»:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.