ԵՐԵՒԱՆ.- Ձերբակալուած է Հայաստանի Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան (ԱԱԾ) աշխատակից Ցոլակ Մաթեւոսեանը՝ մեծածաւալ կաշառք ստանալու յանցանքով։
«Փաստինֆօ»ի տեղեկութիւններով, օրեր առաջ Հայաստանի ԱԱԾ քննչական ծառայութեան մէջ քրէական գործ յարուցուած է Հայաստանի քրէական օրէնսգիրքի 311րդ յօդուածի 4րդ մասի 2րդ կէտի հիմամբ՝ մեծաքանակ կաշառք ստանալու յատկութիւններով։
Քննութեամբ ի յայտ եկած է, որ ԱԱԾ աշխատակիցը «ճինզ» տաբատներու ներածումով ու վաճառքով զբաղող քաղաքացիէն պահանջած է կաշառք՝ վերջինիս տնտեսական գործունէութիւնը չխոչընդոտելու, հարկային պարտաւորութիւններուն առնչուող ենթադրեալ խախտումները անտեսելու համար: Սակարկութեամբ կաշառքին գումարը նուազած է մինչեւ 10 հազար տոլար:
Գործակալութիւնը նշած է, որ յաւելեալ տեղեկութիւն ստանալու նպատակով դիմած է ԱԱԾ իրաւասու մարմինին, սակայն խոստացած են այս մասին մանրամասնութիւններ տալ շաբաթավերջին։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.