ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարանը 27 Նոյեմբերին հրապարակած է իր վճիռը «Խաչատրեանն ու միւսներն ընդդէմ Հայաստանի» դատին առնչութեամբ, որուն մէջ նշուած է, թէ Հայաստան խախտած է Մարդու իրաւունքներու Եւրոպական ուխտի 5րդ յօդուածի երկու կէտերը եւ հայցուորներուն օգտին 112 հազար եուրոյի փոխհատուցում ճշդած է:
19 դատ բացողները Հայաստանի քաղաքացիներ են եւ «Եհովայի վկաներ» կրօնական կազմակերպութեան անդամներ: Անոնք դիմած են Հայաստանի իշխանութիւններուն, որպէսզի պարտադիր զինուորական ծառայութեան փոխարէն այլընտրանքային աշխատանքային ծառայութիւն կատարեն, համաձայն «Ալընտրանքային ծառայութեան մասին» օրէնքի: Անոնք ծառայութիւն կատարած են տարբեր հաստատութիւններու մէջ՝ հիւանդանոցներ, ծերանոցներ եւ այլ:
2005ի Մայիսին եւ Յունիսին անոնք այդ հաստատութիւններու ղեկավարութեան յայտնած են, թէ նկատի ունենալով, որ այլընտրանքային ծառայութիւնը զինուորականներու վերահսկողութեան տակ կը կատարուի, իրենք՝ մեկնելով իրենց կրօնական համոզումներէն, չեն կրնար ծառայել. ապա անոնք լքած են ծառայութեան վայրը: Անոնց դէմ յարուցուած է քրէական գործ, քանի մը ամիս բանտարկուած են, սակայն աւելի ուշ ազատ արձակուած են։
Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարանը մերժած է երկու հայցուորներու պահանջները, իսկ միւս 17 հայցուորներուն օգտին 6 հազարական եուրոյի փոխհատուցման որոշում տուած է՝ որպէս բարոյական փոխհատուցում:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.