ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».– 2011ին Հայաստանի մէջ նուազած է աղքատութեան մակարդակը՝ կազմելով 35 տոկոս, մինչ 2010ին 35.8 տոկոս էր: Այդ մասին նշուած է Հայաստանի ազգային վիճակագրական ծառայութեան «Հայաստանի սոցիալական պատկերը եւ աղքատութիւնը, 2012» հրապարակման մէջ:
Աղքատ կը նկատուին այն անձերը, որոնց ամսական սպառումը 36.1 հազար դրամէն նուազ եղած է (աղքատութեան առաջին գիծ): Այն անձերը, որոնց սպառումը չի գերազանցեր 29.8 հազար դրամը (աղքատութեան ստորին գիծ) նկատուած են շատ աղքատ, իսկ 21.3 հազար դրամը (աղքատութեան պարէնային կամ ծայրայեղ գիծ) չգերազանցելու պարագային՝ ծայրայեղ աղքատներ կամ թերսնուածներ: Հայաստանի բնակչութեան իւրաքանչիւր հինգերորդը աղքատ է (19.9 տոկոս), իսկ 3.7 տոկոսը՝ ծայրայեղ աղքատ: Այսպիսով, ըստ պաշտօնական վիճակագրութեան, Հայաստանի մէջ շուրջ 120 հազար մարդ մնայուն կերպով բաւարար սնունդ չի ստանար։
Նշենք, որ աղքատութեան մակարդակը 2004ին կազմած է 53.5 տոկոս, սակայն այնուհետեւ սկսած է նուազելու՝ 2008ին հասնելով 27.6 տոկոսի: Համաշխարհային ֆինանսատնտեսական ճգնաժամի ազդեցութեամբ աղքատութեան կշիռը կրկին բարձրացած է 2009ին՝ 35, իսկ 2010ին՝ 35.8 տոկոս:
Աղքատութեան մակարդակը ամէնէն ցած աստիճանի վրայ է Երեւանի մէջ՝ 27.5 տոկոս, միջին տարողութենէն աւելի է Հայաստանի Շիրակի, Կոտայքի, Լոռիի, Արարատի, Գեղարքունիքի Արմաւիրի մարզերուն մէջ։ Հայաստանի Շիրակի մարզը իր բարձր աշխարհագրական դիրքով եւ 1988ի աւերիչ երկրաշարժէն ամէնէն աւելի վնասուած ըլլալով՝ կը շարունակէ մնալ Հայաստանի ամէնէն աղքատ շրջաններէն, ուր աղքատութեան սահմանէն ցած պայմաններու մէջ կ՛ապրի բնակչութեան 47.7 տոկոսը։
Աղքատութեան յաղթահարման համար Հայաստանին անհրաժեշտ է 111.5 միլիառ դրամ կամ Համախառն ներքին արտադրութեան 3 տոկոս կազմող գումար՝ ի լրումն ընկերային աջակցութեան համար արդէն իսկ յատկացուած միջոցներուն:
Մինչեւ 18 տարեկան երեխաներուն 4.7 տոկոսը կ՛ապրի ծայրայեղ աղքատութեան, իսկ 41.9 տոկոսը՝ աղքատութեան մէջ:
Այսպիսով, երեխաները աւելի քան ուրիշներ ենթակայ են աղքատութեան վտանգներուն եւ զրկանքներուն։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.