ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».– Հայաստանի պետական ճարտարագիտական համալսարանին մէջ 28 Նոյեմբերին բացումը կատարուեցաւ «Մայքրոսոֆթ»ի տեղեկատուական ակադեմիոյ: Անիկա կը գտնուի համալսարանի 5րդ մասնաշէնքի առաջին յարկին վրայ։
Ակադեմիոյ մէջ պիտի կիրարկուի վերապատրաստման դասընթացք՝ դասախօսական անձնակազմին եւ ուսանողներուն համար «Մայքրոսոֆթ»ի կողմէ տրամադրուած ծրագիրներով, նիւթերով, մեթոտաբանութեամբ: Յատուկ դասընթացքներ պիտի կազմակերպուին նաեւ այլ համալսարաններու եւ կազմակերպութիւններու պատուէրով: Դասընթացքներուն տեւողութիւնը մօտ 1.5 ամիս է: Ըստ «Մայքրոսոֆթ»ի հայաստանեան ներկայացուցչութեան տնօրէն Գրիգոր Բարսեղեանին՝ դասընթացքներուն համար պիտի գանձուի խորհրդանշական գումար: Ուսանողներուն կողմէ փոխանցուած լուրերուն համաձայն, խօսքեր շրջան կ՛ընեն այն մասին, որ մասնակցութեան սակը 40 հազար դրամ է, որ նաեւ կարելի է զեղչել։ Ոեւէ մէկը կրնայ հետեւիլ դասընթացքներուն, սակայն վկայական ստանալու համար պէտք է քննութիւն ներկայացնել։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.