ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».– Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան 28 Նոյեմբերին ընդունած է Հարվըրտ համալսարանի ազգային անվտանգութեան ծրագիրի տնօրէն Սերկէյ Քոնոփլէովը:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուած են ատրպէյճանական-ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման եւ տարածաշրջանային գործընթացներուն վերաբերող հարցեր:
Յատուկ կերպով շեշտը դրուած է Հարվըրտ համալսարանի եւ Արցախի գիտակրթական եւ վերլուծական կառոյցներուն միջեւ կապերու զարգացման: Բակօ Սահակեան նշած է, որ նման փոխգործակցութեան համար կան անհրաժեշտ նախադրեալները՝ աւելցնելով, որ անիկա օգտակար է ամէն իմաստով եւ տեսակէտով։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.