ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ
Մարդն էվոլյուցիայով է փոխւում, ոչ թէ՝ ռեւոլյուցիայով:
Մարդուն աւելի բնորոշ է առաջնորդի յետեւից գնալը եւ, ըստ իս,
այդ դերն այսօր Սերժ Սարգսեանին է հէնց վերապահուած:
ԱԼՎԱՐԴ ՊԵՏՐՈՍԵԱՆ

Քանի մը օր առաջ, ՀՀ մօտալուտ նախագահական ընտրութեանց մասին Հայաստանի Հանրային Հեռուստատեսութեան Առաջին Լրատուականէն ելոյթ ունենալով, իշխանաւոր ճամբարին մերձաւոր քաղաքական գործիչ մը «ամենայն լրջութեամբ» դիտել կու տար, թէ այսօրուան գործող նախագահէն զատ «կենսագրութիւն ունեցող» ՀՀ նախագահի լուրջ թեկնածու մը դեռ չէ առաջադրուած…
Վերջին հաշուով նախընտրական քարոզչութեան ծառայող նման գնահատական մը լուրջի առնելու որեւէ պատճառ պիտի չունենար ընթերցողը, եթէ Հայաստանի ներքաղաքական կեանքի նախընտրական ներկայ հանգրուանին՝ լուսարձակները կեդրոնացած չըլլային ընդդիմադիր ուժերուն միջեւ ընտրական «միացեալ ճակատ» կազմելու եւ «միասնական թեկնածու» առաջադրելու բանակցութեանց վրայ։
Այսինքն՝ Հայաստանին պակսողը ոչ թէ ՀՀ նախագահի պաշտօնին յաւակնորդ «կենսագրութիւն ունեցող լուրջ թեկնածու»ներն են, այլ նոյնինքն ՀՀ նախագահի առկայ՝ իշխանապետական պաշտօնին սահմանադրական վերանայման ու ժողովրդավարական փոխարինման համար միացեալ պայքարի պատրաստ, այլեւ քաղաքական համապատասխան ծրագիրի յանձնառո՛ւ ուժերու համախմբումն է։
Այդ ուղղութեամբ ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչը ամիսներէ ի վեր շարունակ կը շեշտէ, որ նախագահական յառաջիկայ ընտրութեանց կիզակէտը թեկնածուներու միջեւ ընտրութիւն կատարելու մէջ չի կայանար։ Նախագահական ընտրապայքարին օրակարգի գլխաւոր, այլեւ առանցքային խնդիրը մեր երկրի քաղաքական ու կառավարման ներկայ համակարգի արմատական բարեփոխումն է՝ առաջին հերթին ՀՀ նախագահի պաշտօնին ընտրելով այն «միասնական թեկնածու»ն, որ պիտի ձեռնարկէ, սահմանադրական ուղիով, նախագահական իշխանութեան ժողովրդավարացումին ու խորհրդարանական կառավարման համակարգի հաստատման։
Ընդդիմադիր ճակատի գլխաւոր միւս ուժերն ու կուսակցութիւնները եւս հրապարակաւ կը շեշտեն, որ Հայաստանի կառավարման համակարգի արմատական փոփոխութիւնը արդէն անյետաձգելի հրամայական դարձած է՝ խորհրդարանական վարչակարգին անցնելու պահանջին շուրջ ընդհանուր համախոհութիւն առաջացնելով։
Բայց քաղաքական համակարգի արմատական բարեկարգման այս հիմնական սկզբունքին շուրջ համախոհութեան յանգած ըլլալով հանդերձ, ընդդիմադրութիւնը դեռ չէ կրցած լրիւ ձերբազատուիլ «միասնական թեկնածու»ի յարմարագոյն դէմքին շուրջ զինք բաժնող… նախասիրութիւններէն։
Ճշգրի՛տ. տակաւին տարակարծութեան առարկայ է այն հարցը, թէ Փետրուար 2013ի նախագահական ընտրութեանց պարագային ո՞վ պէտք է ըլլայ յարմարագոյն «միասնական թեկնածու»ն։ Ո՞վ ի վիճակի է ոչ միայն լաւագոյնս ներկայացնելու ընդդիմադրութեան որդեգրած արմատական բարեփոխման ուղեգիծը, այլեւ՝ ընտրազանգուածի մեծամասնութեան ներշնչելու վստահութիւն վայելող եւ համապատասխան քուէ հաւաքող այլընտրանքը։
Հայաստանի քաղաքական ապագային հաշւոյն մտահոգիչ է երեւոյթը։ Մինչեւ իսկ նախագահական համակարգի վերանայման հետամուտ ընդդիմադիր ուժերու շարքերէն ներս, միացեալ ճակատով պայքարը յառաջ մղելու հրամայականին ընդառաջելով հանդերձ, տակաւին տիրական է «սեփական թեկնածուն» իբրեւ ՀՀ նախագահի տեսնելու ցանկութիւնը։
Երբ կուսակցութիւններն ու քաղաքական ուժերը իրենք ի վիճակի չեն յաղթահարելու նախագահի մը ետեւէն հօտի պէս քալելու մտայնութիւնը, ինչպէ՜ս կարելի է սպասել ընտրազանգուածէն, որ հաւատք ընծայէ եւ վստահի նախագահական համակարգը փոխարինելու անոնց առաջադրանքներուն։
Մանաւանդ որ խօսքը կը վերաբերի եօթանասուն տարի խորհրդային ամբողջատիրութեան տակ ապրած հասարակութեան մը, որ ժողովրդավարական պայմաններու մէջ կազմաւորուած քանի մը սերունդի զարգացման պէտք ունի, որպէսզի կարենայ վերջնականապէս թօթափել ստալինեան Անձի Պաշտամունքով արմատաւորուած մտակաղապարումները։
Փաստօրէն միայն շաբաթներ մնացած են ՀՀ նախագահական վեցերորդ ընտրութեան, որ ըստ ամենայնի կու գայ անգամ մը եւս հանդիսադրելու օրուան իշխանաւորին հօտի պէս հետեւող՝ անհեռանկար ընտրազանգուածի թափանցիկ ու երեւութապէս անկաշկանդ, բայց ըստ էութեան ո՛չ ազատ ու արդար քուէարկութեան քաղաքական անյոյս բեմագրութիւնը։
Իսկ առանց իր վաղուան կեանքը բարեփոխելու եւ գալիք սերունդներուն ազատ ու արդար զարգացումը ապահովելու ինքնավստահութեամբ ու մարտունակութեամբ զինուած հասարակութեան՝ Հայաստանն ու հայութիւնը դատապարտուած են յաւելեալ տուրք վճարելու հաւաքական մեր ուժն ու կամքը ջլատող գաղափարական ներքին արիւնահոսութեան, որ իշխանաւորին առջեւ գլուխ ծռելու մտայնութիւնն է։
Աւելի՛ն. միայն խորհրդային ժամանակներէն յամեցող մտայնութեան հետեւանք չէ հաւաքական մեր կամքին եւ ուժին մարտունակութիւնը խոցող գաղափարական այս ներքին արիւնահոսութիւնը։ Փաստօրէն նաեւ հայ հասարակական մտքի ներքին կաշկանդումներուն հետեւանք է մեր ժողովուրդին հօտի պէս նայելու մտայնութիւնը, որուն խօսուն բանաձեւումներէն մէկը կը կատարէր Ալվարդ Պետրոսեան, երբ երկու շաբաթ առաջ, «Առաւօտ» թերթին տուած իր հարցազրոյցին ընթացքին, ի միջի այլոց կը պնդէր.
«Մեր ժողովուրդը շատ հետաքրքիր է՝ զեղումները մի կողմ է թողնում, երբ գալիս է վճռական պահը եւ սառը դատողութեամբ է իր ընտրութիւնն անում: …Ժողովուրդը բնազդով զգում է, որ վառուող ու խորտակուող աշխարհում է ապրում. մեր շուրջ բոլորը վառւում է եւ սուզւում ու մենք այս պահին ոչ թէ ուժեղ, հարուստ, բարի, այլ՝ փորձառու մարդկանց յետեւից ենք գնալու: Ասում ենք՝ նախագահական ընտրութիւններ, բայց մենք ազգապետ ենք ընտրելու: …Որքան ժողովրդավարութեան մասին շատ են խօսում, այնքան հասկանում եմ, որ այսօր առաւել քան վտանգաւոր ժամանակներ են, իսկ վտանգի ժամին մեզ պէտք է ազգապետ ընտրել: …Որքան էլ ես ներքուստ համաձայն լինեմ, թէ ժողովուրդը պիտի մասնակցի պետութեան կառավարման գործերին եւ այլն, բայց մէկ է առաջնորդի կերպարը մարդկութիւնը մի քանի հազարամեակ ստեղծել է եւ այդ մշակոյթից հրաժարուելու համար մենք դեռ պիտի ճանապարհ անցնենք: Դեռ վաղ է: Մարդն էվոլյուցիայով (բնաշրջումով) է փոխւում, ոչ թէ՝ ռեւոլյուցիայով (յեղաշրջումով): Մարդուն աւելի բնորոշ է առաջնորդի յետեւից գնալը եւ, ըստ իս, այդ դերն այսօր Սերժ Սարգսեանին է հէնց վերապահուած»:
Այնքան ատեն, որ ՀՀ նախագահին մէջ «ազգապետ» կը փնտռենք եւ չենք անդրադառնար նախագահական իշխանութեան այս համակարգին մէջ բոյն դրած իշխանապետութեան խլիրդին, կասկածէ վեր է, որ մեր հաւաքական ուժը ջլատող ներքին արիւնահոսութիւնը պիտի շարունակուի։
Այս Էջը Կը Հովանաւորէ
ԱՆԴՐԱՆԻԿ ՊԱՂՏԱՍԱՐԵԱՆ
Ուրեմն, նշանակում է պարապ տեղը ջուր ենք ծեծում: Անկեղծ ասած սկսել եմ հաւատալ, որ Հայաստանը քաղաքակիրթ երկիր լինելուց շատ հեռու է: Եթէ մի քանի սերունդ պէտք է սպասենք, որ ժողովւրդը թօթափի իրեն ստրկամտութիւնից, կարծո՞ւմ եք Հայաստանը կը մնայ Հայաստան: Թերևս մնայ միայն մի հողատարածք, որտեղ մի քանի օլիգարքներ պիտի օգտագործեն որպէս փող շահելու ռեսուրս, ինչպէս որ հիմա են անում: Սերժ Սարգիսեանն էլ մինչև այնքան ժամանակ որ պատրաստ է տուրք վճարելու իր շուրջը հաւաքած օլիգարքներին, կը մնայ ցմահ նախագահ, ինչպէս Իլհամ Ալիևն է, միայն ուրիշ տարբերակը: Կարծո՞ւմ եք անյոյս եմ խօսում: Կը ցանկանայի որ այդպէս կարծէիք: